Միրաքականներու երկար սպասած հանդիպումը՝ Միրաքի հիմնադիր, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի հետիրականացաւ:

Միրաք պատանեկան-ուսանողական շարժման 28 Մայիսի կիրկնօրեայ հաւաքին շատ իւրայատուկ եւտօնական մթնոլորտ կը տիրէր, որ պայմանաւորուած էր տարբեր երկիրներէ ի մի հաւաքուած շատ յարգելի եւսիրելի հարազատ հիւրերու ներկայութեամբ: Միրաքի անդամները շատ բան լսած էին արդէն Արժանթինէնժամանած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ, Սարդարապատ շաբաթաթերթի տնօրէն, Ընկ.Սերխիօ Նահապետեանի մասին եւ անհամբեր կը սպասէին տեսակցութեան առիթին: Անոնց ուրախութիւնըկրկնապատկուեցաւ, երբ Ընկ. Նահապետեանի կողքին, առիթ հանդիսացաւ ծանօթանալու նաեւ ՌԱԿԿեդրոնական Վարչութեան նախկին Ատենապետ, ազգային գործիչ Ընկ. Մայք Խարապեանին, Աւստրալիոյ եւՆոր Զելանտայի ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Հայկ Լէփէճեանին, Պէյրութէն ՌԱԿ 27-րդպատգամաւորական ժողովի պատգամաւոր ընկ. Վաչէ Յակոբեանին, արդէն հայրենադարձ ՌԱԿ գործիչընկ.Աւետիս Տալտալեանին:

ՌԱԿ ղեկավար ընկերներու շարքին էր նաեւ Միրաք ականներուն արդէն մօտէն ծանօթ՝ ՌԱԿ ԿեդրոնականՎարչութեան փոխատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը:
Միջոցառումը սկիզբ առաւ Միրաքի աւագ անդամներու հիւրերուն ուղղուած ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք մեծպաստառի վրայ ներկայացուեցաւ տասնամսեան բոլորած Միրաքի գործունէութիւնը՝ ցուցադրուած նկարներուընդմէջէն, որոնց մասին ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Միրաքի պատասխանատու Ընկ. ԱլեքսանԳարատանայեանը բացատրութիւններ տուաւ հիւրերուն:
Միրաքի անդամները հիւրերուն համար ասմունքէ, երգէ եւ ներկայացումէ բաղկացած գեղարուեստականյայտագիր մը պատրաստած էին, ինչը մեծապէս յուզեց եւ ուրախացուց ներկաները:

Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան Շնորհակալագիրներ յանձնեց Միրաքի ծնողաց յանձնախումբի կարգ մըանդամներուն, որոնք Միրաք շարժումի ստեղծման առաջին օրէն սատարած եւ իրենց աջակցութիւնըցուցաբերծ էին անոր գործունէութիւններուն: Ան նաեւ գովասանագիրներ յանձնեց Միրաքի այն անդամներուն,որոնք հաւաքներուն պարտաճանաչ եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերած էին եւ գիտակից ու պատասխանատուդեր ստանձնած էին: Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած շարադրանքի մրցանքի արդիւնքները յայտարարելուպատեհ առիթը ներկայացած համարելով, Ընկ. Սերխիօ նոյնպէս՝ մասնակիցներուն պատուոգրեր եւ առաջիներեք տեղերը գրաւողներուն բաժակ յանձնեց:
Ներկայ հիւրերէն իւրաքանչիւրը իր սրտի խօսքը եւ մաղթանքները փոխանցեց Միրաք ականներուն: Ընկ. ՄայքԽարապեան շնորհաւորեց Միրաքի անդմաներուն, անոնց, շարժումի կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւծնողներուն, որոնք կը գիտակցին այս հաւաքի կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ իր եւ ղեկավար բոլոր ընկերներուներազը ՌԱԿ-ի գաղափարաի շարունակականութիւնը ապահովելն է եւ այդ երազը իրականացնելու յոյսը այսօրհոս կը տեսնէ:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը: Ան Միրաք ականներուն դիմելով, իր յուզմունքըյայտնեց եւ ըսաւ. «Այսօր երջանկութեան եւ ուրախութեան օր մըն է, որովհետեւ ձեր մէջ կը տեսնենք մեր ապագան: Դուք ապագան էք»:
Ընկ. Սերխիօն նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակներըվստահեցան Միրաքի պատասխանատուներուն եւ անոնց դաստիարակութեան: Ան անդրադառնալով«Միրաք»ի անդամներուն կատարած Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» ասմունքին, խօսքը ուղղելովպատանիներուն, ըսաւ. « Պէտք չէ մոռնալ մեր սկզբունքները. ընտանիքը, եկեղեցին եւ հայրենիքը մեր էութիւննեն, որ միշտ պէտք է պաշտպանենք, եթէ չունենանք այս երեքը, կը կորսուինք: Մենք մեր հայութիւնը պիտիպաշտպանենք եւ դարերու ընթացքին պիտի զօրանանք, միանանք եւ առաջ երթանք»,- աւելցնելով՝ «Դուք մերապագան էք եւ Ձեր վրայ վստահութիւն ունինք մենք»:
Աւարտին, ՌԱԿ-ի գաղաբարին շուրջ հաւաքուած մէկ մեծ ընտանիքի անդամները, իր բոլոր սերունդներուներկայացուցիչներով խմբային նկար մը առաւ եւ տօնական օրին համար յատուկ պատրաստուածկարկանդակի հատումը կատարուեցաւ: