«Սայեաթ Նովա» Փառատօնը Կը միաւորեն Հայ Եւ Վրացի Երաժիշտները

Բանաստեղծ, աշուղ Սայեաթ Նովայի անունը կրող «Սայեաթ Նովա» փառատօնը այս տարի պիտի մեկնարկէ Յունիս 16-ին Թիֆլիսի մէջ եւ պիտի եզրափակուի Յունիս 18-ին Երեւանի մէջ:

Փառատօնին մասին մանրամասնութիւնններ յայտնեցին կազմակերպիչները:

«Նպատակը հայկական երաժշտարուեստը, մեր հարուստ ժառանգութիւնը հանրութեան ներկայացնելն ու զայն պահպանելն է: Փառատօնի բացումը տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, եւ անիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ աշխուժացնելու եկեղեցւոյ առօրեան»,- նշած է «Music of Armenia»-ի ներկայացուցիչ  Յասմիկ Մովսիսեան:

Անոր խօսքով` իրենք հայկական տարբեր երաժշտական խումբերէ ընտրած են երաժիշտներ, որոնք Վրաստանի մէջ տեղացի քանի մը երաժիշտներու հետ համատեղ պիտի ներկայացնեն ինչպէս Սայեաթ Նովայի, այնպէս ալ` այլ հայ աշուղներու ստեղծագործութիւններ:

«Կը փորձենք բանակցիլ նաեւ Վրաստանի մշակոյթի նախարարութեան հետ, որպէսզի յետագային փառատօնը իրականացուի նաեւ Ջաւախքի եւ Վրաստանի այլ քաղաքներու մէջ»,-շեշտած է ան:

Հայաստանի մէջ Վրաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Նինօ Ապտիաուռի ընդգծած է, որ իրեն համար շատ ուրախալի է, որ կայ նման փառատօն, որ անիկա կը կրէ մեծ աշուղին, բանաստեղծին անունը: Ըստ անոր` Սայեաթ Նովան հայ-վրացական միասնութեան խորհրդանիշն է եւ միջոցառումը կրնայ աւելի սերտացնել երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները:

Փառատօնին պիտի մասնակցին հայ եւ վրացի երաժիշտներ: Երեւանի մէջ  Յունիս 17-ին «Մետաքսի ճանապարհ» հիւրանոցին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ  «Ջնար» անսամպլը,  Յունիս 18-ին «Մէգերեան Կարպետ»-ի մէջ համերգային ծրագիրով հանդէս պիտի գայ «Սայեաթ-Նովա անսամպլը:

Փառատօնը կ’իրականացուի երկրորդ անգամ Music of Armenia-ի նախաձեռնութեամբ: