Սթրազպուրկի մէջ ընթացք առաւ Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանը, որ պիտի տեւէ Յունիս 26-էն 30:
Նստաշրջանի բացման ԵԽԽՎ փոխնախագահի պաշտօնին ընտրուեցաւ ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան:
Յիշեցնենք, որ նախորդ նստաշրջանին Հայաստանի կողմէ փոխնախագահի պաշտօնը կը զբաղեցնէր Հերմինէ Նաղդալեան:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան կազմը փոխուած է, որ այսօր եւս հաստատուեցաւ վեհաժողովի ընթացքին: