Պաշտպանութեան Բանակը Կործանիչ Հարուած Հասցուցած է Ազրպէյճանական Դիրքերուն

Համացանցի մէջ յայտնուած է տեսանիւթ մը, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս է Արցախի պաշտպանութեան բանակը պատասխան հարուած հասցուցած է ազրպէյճանական դիրքերուն:

Անոր արդիւնքով՝ ամբողջութեամբ ոչնչացուած են հակառակորդին մարտական դիրքը, կրակակէտը, ամրութիւնները եւ մեքենաները, իսկ հայ դիպուկահարը վար առած է հակառակորդին ԶՈւ տեսանկարահանման սարքը: