Նոր Հրատարակութիւններ

Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

– Ազնաւորեան Զարեհ արք., «Հասկնանք մեր պատարագը – Սուրբ պատարագի զարգացումը, կառոյցը, բովանդակութիւնը», հրատարակութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի, խմբագիր՝ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2019, 126 էջ:

– Դանիէլ Վարուժան, «Հացին երգը», խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2019, 112 էջ (16,5 x 21,5 սմ.) (հեղինակին յետմահու՝ 1921-ին լոյս տեսած տաղարանին վերահրատարակութիւնը` ապակետիպ բազմացմամբ) (հայերէն):

– Դանիէլ Վարուժան, «Հացին երգը», թարգմանիչ՝ Օհաննէս Շաշքալ, խմբագիր՝ Ռոպեր Քոփթաշ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2019, 120 էջ (16,5 x 21,5 սմ.) (թրքերէն):

– Թաշճեան Վահէ,  «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթին մահը Սալամիայի մէջ», Բերիոյ թեմի հրատարակութիւն, «Այգ» մատենաշարի թիւ 23, Հալէպ, 2019:

– Ծաղիկեան Ալպերթ, «Չերգուած հերոսներ. Մեր մոռցուած հերոսները՝ Արտաշէս Գալուստի Գէորգեան, Թորգոմ Գալուստի Գէորգեան, Օննիկ Եանիկեան, Գուրգէն Եանիկեան, Ասատուր Մելիքի Հասան-Ջալալեան», ԱՄՆ, 43 էջ (15,2 x 22,9 սմ.) (ազգային վրիժառուներու կենսագրութեանց անյայտ մանրամասնութիւններ՝ քաղուած մեծ մասամբ անոնց ազգականներէն) (անգլերէն):

– «Հայ իրականութիւնը մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի գրիչէն», կազմեց եւ ծանօթագրեց Պետրոս Թորոսեան, յատուկ անուններու ցանկագրումը եւ հրատարակութիւնը՝ «Շիրակ» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2019, 728 էջ (17 x 24 սմ.) (ՌԱԿ-ի ԹՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարի հրապարակագրութեան եւ ելոյթներու հաւաքածուն, լուսանկարներ, յատուկ անուններու, յապաւումներու եւ անոնց համար օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր, Հրաչեայ Սեդրակեանի գրութիւններու մատենագիտական ցանկ, անգլերէն ամփոփում):

– Մանուկեան Աբէլ քահանայ, «Ժնեւի մէջ Հնչակեան կուսակցութեան ծագումը եւ Քսան կախաղաններու ժառանգութիւնը», «Զանգակ-97» ՍՊԸ տպարան, Երեւան, 2019, 192 էջ (14,2 x 21,8 սմ.) (անձերու, դէպքերու եւ փաստաթուղթերու բազմաթիւ լուսանկարներ, յատուկ անուններու եւ հասկացութիւններու միացեալ ցանկ) (անգլերէն): Մեկենասներ՝ տէր եւ տիկին Վազգէն Գալթաքճեան: Գիրքը նուիրուած է Մարի Գալթաքճեանին եւ Պօղոս Մութաֆեանին: Հրատարակութեան օժանդակած է Ս. Դ. Հ. Կ.ի Թորոնթոյի մասնաճիւղը:

– Պերպերեան Հուրի, «Թափառաշրջիկ յեղափոխականներ. Հայերը եւ ռուսական, իրանական եւ օսմանեան աշխարհներուն մէջ առնչակից յեղափոխութիւնները», ԱՄՆ, ապրիլ 2019, 320 էջ (15,2 x 22,9 սմ.) (8 քարտէս, 7 սեւ-ճերմակ լուսանկար) (անգլերէն):

– Վարդանեան Գուրգէն, «Մշակոյթը Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920)», խմբագիր՝ Շահան Գանտահարեան, հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի թիւ 13, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2019:

– Տերոժի Ժաք, «Նեմեսիս գործողութիւնը. Հայ վրիժառուները», ֆրանսերէնէ թարգմանեց Աբրահամ Ահարոնեան, խմբագիր՝ Խորխէ Գազանճեան, Պուէնոս Այրես, 2019 (սպաներէն): Լոյս տեսած է Ժան եւ Գարմեն Աբգարեան Հիմնարկութեան մեկենասութեամբ:

– «Տոհմիկ բարերարը», կազմող՝ Էմմա Յովսէփեան, Երեւան, 2019 (նամակներ եւ զանազան փաստաթուղթեր ու նիւթեր): Ժողովածուն լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպենկեանի ծննդեան 150-ամեակի առթիւ:

– «Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայոց ցեղասպանութիւնը. Վերապրողներու վկայութիւնները», թարգմանիչ՝ Տիրան Լոգմակէօզեան, Սթամպուլ, 2019 (թրքերէն):

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *