Մայիս 11-12-ին Երեւանի Սարեան փողոցին վրայ տեղի կ’ունենայ արդէն աւանդական դարձող Գինիի օրերը: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին տեղեկացուց ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան: Ան նշեց, որ նմանատիպ ձեռնարկները հնարաւորութիւն կու տան ներկայանալու խոհանոցով, աւանդոյթներով, իսկ այս տօնին շնորհիւ հայկական գինին, գինիի զբօսաշրջութեան կարողականութիւնը ներքին եւ միջազգային շուկային կը ներկայացուի:
Ձեռնարկին նպատակը, ըստ Ապրեսեանի, համաշխարհային շուկային Հայաստանը իբրեւ զբօսաշրջութեան համար գրաւիչ, բազմազան, տարբեր զբօսաշրջային արդիւնք ունեցող երկիր ներկայացնելն է, շուկային մէջ խթանելը: Անոր խօսքով` նմանատիպ ձեռնարկները թուարկուած խնդիրները լուծելու հզօր յատկութիւն ունին:
Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինի պետ Գէորգ Օրբէլեանի խօսքով` ձեռնարկը հնարաւորութիւն կու տայ գինիի ճիւղով զբօսաշրջութիւնը զարգացնել:
«Հնագոյն պատմութեան ակունքներէն կու գան գինիի եւ գարեջուրի աւանդոյթները: Մենք կարեւոր կը համարենք այս իրադարձութիւնը, որ մեծ արձագանգ ունի եւ սպասուած ձեռնարկ է մեր մայրաքաղաքին մէջ»,- ըսաւ ան` աւելցնելով, որ քաղաքապետարանը կ’աջակցի այս ձեռնարկին:
«Էվենտտուրա» ընկերութեան համահիմնադիր Մերի Պատալեան տեղեկացուց, որ ձեռնարկը կը մեկնարկէ 18:00-ին, կ’աւարտի 23:00-ին, որ միտուած է գինիի զբօսաշրջութեան զարգացման: Պատալեան յայտնեց, որ այս տարի կայ կտրոն-գրքոյկ, որ հնարաւորութիւն կու տայ համտեսելու 25-է աւելի գինիներ, եւ այցելուն զայն իրեն հետ կը տանի տուն: Գրքոյկին մէջ տեղեկութիւններ կան գինիի, արտադրողի մասին, կապի տուեալներ: Բանախօսի համոզումով` անիկա թէ՛ յուշանուէր կ’ըլլայ, թէ՛ հայկական գինեգործութեան այցեքարտ: Գրքոյկը տպագրուած է երկու լեզուով` ռուսերէն եւ հայերէն: