Էսթոնիոյ Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցի Երգի-Պարի Խումբերը Մասնակցած Են Միջազգային Մրցոյթի

Էսթոնիոյ «Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի «Երազանք» երաժշտական եւ ազգագրական պարերու «Տայք» խումբերը Ապրիլ 15-ին մասնակցեցան Թալլինի Լինտակիվի մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող «Եուուրիկու» միջազգային մրցոյթ-փառատօնին:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, «Երազանքի» փոքրիկները Հռիփսիմէ Խրիմեանի «Ծիրանի» երգով արժանացան երկրորդ կարգի մրցանակի, «Երազանք»-ը տարբեր տարիքային խումբեր ներկայացնող մասնակիցներով առաջին անգամ ներկայացաւ «Լեռնապար» պարային բեմադրութեամբ եւ ստացաւ առաջին կարգի մրցանակ:

«Տայք» ազգագրական պարերու խումբը իր ամբողջ կազմով (Թալլինի, Թարթուի կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներ, շրջանաւարտներ, ծնողներ եւ  աւագ աշակերտներ) ներկայացուց «Փափուռին» ու կրկին արժանացաւ  առաջին կարգի մրցանակի: Մեծ ոգեւորութիւնն ու ուրախութիւնը կիսեցին ժիւրիի անդամները՝ մատնանշելով մեր ջանքերը` ներդրուած ազգային աւանդականութեան ու մշակոյթի պահպանման գործին մէջ:

Մեր միասնական սերտ աշխատանքը (Ժաննա Շահբազեան` «Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն, «Երազանք» երաժշտական անսամպլի գեղարուեստական ղեկավար, «Դուին» քառեակի հիմնադիր, Ռուզաննա Համբարձումեան` երգի ուսուցիչ, Գոհար Յովակիմեան` պարուսոյց, Վաչիկ Խաչատրեան` մշակոյթի, պատմութեան ուսուցիչ, Արմէն Շահբազեան` պարտմութեան, գրականութեան ուսուցիչ, Դաւիթ Նահատակեան` «Տայք»-ի հիմնադիր, Մարինա Գաւալեան` Երեւանի «Մարինա դենց» պարային արուեստանոցի ղեկավար, որուն հետ սերտօրէն կը համագործակցինք, մշտապէս սատարող ծնողներ) կու տայ իր պտուղները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *