«Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կազմակերպած սենեկային երաժշտութեան «Դիլիջան» 13-րդ համերգաշարի վեցերորդ եւ վերջին ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 15-ին, կ.ե. ժամը 3-էն սկսեալ, Լոս Անճելըս գտնուող «Քոլպըրն» երաժշտանոցի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ (200 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90012): Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
«Զոյգ Բարձունքներ» խորագրուած սոյն համերգին պիտի ներկայացուին «Նարեկ»-ին նուիրուած Ալֆրետ Շնիթքէի երգչախմբային ստեղծագործութիւնը՝ «Concerto for Choir»-ը եւ Լուտվիկ վան Պեթհովէնի լարային 14-րդ քառեակը։
Համերգի գլխաւոր կատարողներն են՝ Մովսէս Պօղոսեան, Վարդի Մանուէլեան, Չէ Են Չեն, Փիթըր Սթամֆ եւ «Գեղարդ» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի։ Համերգի տոմսերուն սակը 20 կամ 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15 տոլար:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-9997 թիւին, info@larkmusicalsociety.com հասցէին, կամ այցելել https://www.itsmyseat.com/Lark կայքէջն ու dilijan.larkmusicalsociety.com կայքը: