Ապրիլ 7-ին՝ ժամը 17:00-ին, Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ պիտի կայանայ «Իմ Ղարաբաղը» ակնարկին քննարկում-հանդիպումը՝ լրագրող Մարք Գրիգորեանի հետ: Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան համակարգող Մարիամ Անդրէասեանը` նշելով, որ մուտքը ազատ է բոլոր ցանկացողներուն համար:
Յիշեցնենք, որ Մարք Գրիգորեանը բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու է: Մինչեւ լրագրողական աշխատանքի անցնիլը՝ դասաւանդած է Պուշկինի անուան միջնակարգ դպրոցին, Երեւանի պետական համալսարանի, «Անանիա Շիրակացի» համալսարանին մէջ:
Լրագրողական գործունէութիւնը սկսած է 1993 թուականին` աշխատելով ԱԻՄ կուսակցութեան ռուսալեզու թերթին մէջ, նախ իբրեւ փոխխմբագիր, ապա գլխաւոր խմբագիր:
1995 թուականի Ապրիլին աշխատանքի անցած է ամերիկեան «AIM_ Armenian International Magazine» ամսագիրին մէջ իբրեւ երեւանեան թղթակից: Աւելի ուշ ղեկավարած է Հայաստանի մամուլի ուսումնասիրութեան խնդիրներով զբաղող «խումբ» հասարակական կազմակերպութիւնը: 1998 թուականէն գլխաւորած է «Համագործակցութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը: 2003-ին բնակութիւն հաստատած է Լոնտոն, ուր եւ աշխատած է նախ Պատերազմի ու խաղաղութեան լուսաբանման ուսումնարանին մէջ (IWPR), իսկ յետոյ BBC հեռուստառատիոյի ընկերութեան մէջ:
Մարք Գրիգորեան նաեւ Լրատուամիջոցներու կովկասեան ուսումնարանի ներկայ «Կովկաս» ուսումնարանի համահիմնադիրներէն է: