Մարտ 22-ին Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու օրերու ծիրէն ներս` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Ռիշար եւ Կորին Զարզաւաջեաններու` 2017 թուականին Ֆրանսայի մէջ հրատարակուած «Հայաստանի խոհանոցը» գիրքի շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ողջունելով գիրքին հեղինակները եւ ձեռնարկին հիւրերը` նախարարը մասնաւորապէս նշեց․ «Այսօր այս հերթական հայաշունչ ձեռնարկը նուիրուած է հայկական խոհանոցին` հայկական աւանդոյթներուն, հայկականութեանը: Բնիկ հայկական պատմութիւն է, հայ ընտանիքի բեկորները Ցեղասպանութենէն մազապուրծ` հաստատուած են Ֆրանսա, եւ ֆրանսացի ժողովուրդի հոգատարութեան շնորհիւ դարձած են երկրի արժանաւոր քաղաքացիներ` կառչած մնալով իրենց արմատին, հաւատքին, լեզուին ու ինքնութեան: Հայկական խոհանոցը հայ ինքնութեան մաս կը կազմէ, եւ այսօր ներկայացուող «Հայաստանի խոհանոց» գիրքը հայ ինքնութիւնը աշխարհին ներկայացնելու հիանալի օրինակ է: Մեր մշակութային ժառանգութիւնը ուսումնասիրելով ու փոխանցելով կրնանք պահպանել զայն»:
Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան նոյնպէս շնորհաւորեց գիրքին հեղինակներն ու շեշտեց. «Ազգային խոհանոցը մեր դիմագիծի, բնաւորութեան, հոգեկերտուածքի, մտածողութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի: Մեր կազմակերպութեան անունէն կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հայկական խոհանոցի այդ մասնիկը մեզ փոխանցելու համար»:
Գիրքը ներկայացուց Կորին Զարզաւաջեան: Շնորհակալութիւն յայտնելով գիրքին շնորհահանդէսը կազմակերպելու համար` ան ներկայացուց գիրքի ստեղծման յուզիչ պատմութիւնը եւ նշեց, որ «Հայաստանի խոհանոցը» («Cuisine d’Arménie») խորագիրով գիրքը կը պարունակէ հայկական շուրջ 100 ճաշատեսակ` լուսանկարներով եւ բաղադրատոմսերով: «Աւելի քան մէկ տարի առաջ մենք կը փորձէինք կարգի բերել մեր մեծ մօրմէն մնացած յիշատակները եւ եղբօրս հետ պահարանի խորքը պատահականօրէն գտանք հին ճամբորդական սնտուկ մը, ուր մաշուած դպրոցական թղթապանակ մը կար, նարնջագոյն թղթապանակ մը: Մայրս աւելի քան տասը տարի իր գեղեցիկ ձեռագիրով խնամքով գրած էր մեր մանկութեան օրերու հայկական ուտելիքներու բաղադրատոմսերը: Ես մտածեցի, որ նարնջագոյն այդ թղթապանակը անպայման պէտք է գիրք դառնայ, որովհետեւ այնտեղ ոչ միայն բաղադրատոմսեր էին, այլ նաեւ ճաշերու եւ ուտելիքներու հետ կապուած պատմութիւններ, որոնք, կարծես, աւանդապատումներ ըլլային, մեր ազգային սովորոյթները բացայայտող հեքիաթներ: Մենք այդ թղթապանակէն իմացանք, օրինակ, որ եթէ Տիգրանակերտի մէջ աղջիկը սուրճ կը մատուցէր իրեն կնութեան տանելու եկած տղուն, ու եթէ սուրճը քաղցր կ’ընէր, ուրեմն պատրաստ էր այդ տղուն կինը դառնալու: Սա աւելին է, քան հայկական սուրճի բաղադրատոմս»,– նշեց ան:
Ռիշարը աւելցուց. «Մեր ծնողները ֆրանսացիներ էին, բայց միեւնոյն ժամանակ չէին մոռնար իրենց հայկական արմատներուն մասին: Մենք աւանդոյթներ ունէինք. կը խօսէինք հայերէն, իսկ խոհանոցը մեզի համար տարբեր սերունդները իրար կապող իւրայատուկ օղակ էր: Հայկական ուտեստները միշտ մեզի համար տօն էին»: