Յայտնի դաշնակահար եւ երգահան Տիգրան Համասեան կը յաւակնի «ECHO Jazz Awards 2018» հեղինակաւոր մրցանակին, զոր սահմանած է Գերմանիոյ ձայնագրման ակադեմիան:
Համասեան առաջադրուած է «Piano International» անուանակարգին մէջ «An Ancient Observer» ալպոմին համար, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը՝ վկայակոչելով «Nonesuch Records»-ը: Ալպոմին մէջ կայ 10 նոր ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ 2-ը հիմնուած են հայկական մեղեդիներու վրայ: Դաշնակահարին այդ ալպոմը երաժիշտին մտորումներն են շրջապատող աշխարհի, ընթացիկ իրադարձութիւններու եւ խորքային պատմական կապերու մասին:
Յաղթողը յայտնի պիտի ըլլայ Մարտ 12-ին, իսկ հանդիսաւոր մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 31-ին Համպուրկի մէջ:
2016-ին Համասեան արժանացած է »ECHO Jazz Awards 2016»-ի մրցանակին «Տարուան միջազգային նուագածու» (դաշնամուր) անուանակարգին մէջ «Mockroot» ալպոմին համար:
Գերմանական «Deutsche Phono» ձայնագրութեան ակադեմիայի սահմանած «ECHO Jazz Awards»-ը տեղի կ’ունենայ 1992-էն ի վեր, ամէն տարի: