Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Մասնակցութիւնը Կրթութեան Եւ Կողմնորոշման (EDEX 2018) Լիբանանեան Առաջին Ցուցահանդէսին

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը (ՀԱՀ) իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի  մէջ տեղի ունեցող Կրթութեան եւ Կողմնորոշման (EDEX 2018) առաջին ցուցահանդէսին:

Ցուցահանդէսը, որ սկիզբ պիտի առնէ Հինգշաբթի, 1 Մարտ 2018-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Կիրակի, 4 Մարտ 2018 «Seaside Arena»-էն ներս, կազմակերպուած  է  Լիբանանի Կրթութեան նախարարութեան կողմէ եւ կը վայելէ բարձր հովանաւորութիւնը Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը EDEX 2018-ին Հայաստանէն ու անդրկովկասեան տարածաշրջանէն մասնակցող առաջին եւ առայժմ միակ համալսարանն է:  25 տարիէ ի վեր  ան Երեւանի մէջ գործող ուսումնական գերազանցութեան, նորարարութեան եւ հետազօտութեան կեդրոն մըն է:

ՀԱՀ-ը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, իր դռները կը բանայ բոլորին առջեւ: Հայաստանի թէ արտասահմանի քաղաքացի ուսանողներուն կ’առաջարկուին ուսման վճարին ուղղուած այլազան կրթանպաստներ, կրթաթոշակներ ու կրթաշնորհներ: Յատկապէս Լիբանանի քաղաքացիներուն համար հետաքրքրական է «Aurora Gratitude» կրթաթոշակներու ծրագիրը:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար դիմել Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Ընդունելութեան գրասենեակ՝ admissions@aua.am:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *