Փետրուար 18-ին Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցաւ ձնեմարդուկ փառատօնը։ Ան ուղղուած է ձմեռնային զբօսաշրջութեան զարգացման:
Փառատօնը կազմակերպուած է Ջերմուկի զարգացման կեդրոն հասարակական կազմակերպութեան եւ Ջերմուկի երիտասարդական կեդրոնի համատեղ ջանքերով:
Փառատօնի օրը Ջերմուկի ճոպանուղին գործած է անվճար, կը տեղեկանանք Ջերմուկի համայնքապետարանի պաշտօնական կայքէն: