Շուշիի «Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Մէջ Պիտի Կայանայ Ցուցահանդէս Եւ Մենաներկայացում

Փետրուար 7-ին՝ ժամը 18:00-ին, Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան յարկին տակ պիտի կայանայ բեմադրիչ, դերասան Սերկէյ Թովմասեանի ` «Մէկ այլ ջերմութիւն» խորագիրը կրող փայտէ գեղազան աշխատանքներու ցուցահանդէսը, իսկ ժամը 19:30-ին դերասան եւ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանի «Իմ ընտանիքը իմ ճամպրուկում է» մենաներկայացումը:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան պատասխանատու Մարիամ Անդրէասեանը:

Անոր խօսքով` Ս․ Թովմասեանի աշխատանքներէն իւրաքանչիւրը ունի իր հետաքրքրական պատմութիւնն ու ըսելիքը: «Դերասանական շնորհքը հնարաւորութիւն կու տայ հեղինակին` ստեղծելու իւրօրինակ փայտէ կերպարներ` գիւղական տեսարաններ, աստուածաշնչեան առակներ, մարդկային ու կենդանական կերպարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը տարբերի իր յուզական աշխարհով»,- նշած է Մ. Անդրէասեանը` աւելցնելով, որ ցուցահանդէսը Արցախի մէջ պիտի կայանայ առաջին անգամ:

Անդրադառնալով «Իմ ընտանիքը իմ ճամպրուկում է» մենաներկայացման` Մ. Անդրէասեան ըսած է, որ անիկա Նարինէ Գրիգորեանի ընտանիքի իրական պատմութիւնն է, որ զուգորդուած է պատերազմի հետ:

«Ներկայացումը պատմութիւն է դերասանուհիի` Արցախի եւ Հրազդանի մէջ իրականացուցած մանկութեան մասին, պատերազմի հետեւանքներու, ամէն կրակոցէ ու ականի պայթիւնէ նկուղի մէջ թաքնուող փոքրիկներու, հօր գերութեան ու ազատումի, պատերազմը բնորոշող իրավիճակներու մասին»,- ըսած է Մ. Անդրէասեանը` տեղեկացնելով, որ բոլոր փափաքողներու համար մուտքը ազատ է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *