Արարատի Վրայ Նոյեան Տապանի Գոյութեան Հնարաւոր Ապացոյցներ Գտնուած են

ԱՄՆ Geoscience ուսումնարանի գիտնականները յայտարարած են, որ Արարատ լերան վրայ գտած են Նոյեան Տապանի մասին աստուածաշնչեան պատմութեան ապացոյցները:

Աշխարհի աւելի քան 100 հետազօտող հաւաքուած էր Թուրքիա` Արարատ լերան վերաբերեալ եռօրեայ միջազգային հաւաքոյթին, գիտնալու համար, թէ կրնա՛ն արդեօք իրենք գտնել այն վայրը, ուր, ըստ աւանդապատումի, կանգ առած է Նոյեան Տապանը։ Այս մասին, ըստ «PanArmenian.net»-ի, գրած է բրիտանական «Daily Mail»-ը:

Նշենք, որ 2010-ին խումբ մը չինացի եւ թուրք գիտնականներ կազմակերպած էին գիտարշաւ` ուսումնասիրելու համար այն շրջանը, ուր կանգ առած է Նոյեան Տապանը եւ գտնելու համար անոր մնացորդները: Գիտարշաւէն քանի մը շաբաթ անց՝ անոնք յայտարարեցին, որ 4000 մ բարձրութեան վրայ գտած են 150 մ երկարութեամբ եւ նաւու մնացորդներ յիշեցնող փայտի կտորներ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *