Արցախի նկարիչներու միութեան կից` յաջորդ տարի պիտի ստեղծուի երիտասարդ նկարիչներու միութիւն: Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Արցախի նկարիչներու միութեան նախագահ Յովիկ Գասպարեան:
«Միութեան մէջ պիտի փորձենք ներգրաւել Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ բնակող երիտասարդ նկարիչները, քանի որ անոնցմէ շատերը իրենց տաղանդի դրսեւորումները ներկայացնելու հնարաւորութիւն չունին»,- նշած է Յ. Գասպարեան եւ ընդգծած, որ օրերս Շուշիի մէջ առաջին անգամ, կազմակերպուած Արցախի մէջ ստեղծագործող երիտասարդ նկարիչներու կտաւներուն ցուցահանդէսը միտուած է այդ գործընթացը կեանքի կոչելու:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի ցուցադրուի նաեւ Ստեփանակերտի եւ Արցախի միւս շրջաններուն մէջ: