Սեպտեմբեր 11-ին Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշի 48 ժամ» եռալեզու պատկերագիրքի շնորհանդէսը:
«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեան ըսած է, որ գիրքը ստեղծուած է 2017-ի Յունիսին Համազգայինի լուսանկարչական նախագիծին շնորհիւ, որ նուիրուած էր Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին:
Նախաձեռնութեան նպատակն էր 48 ժամուան մէջ ցոյց տալ Շուշիի քաղաքային կեանքի բազմազանութիւնը երիտասարդ լուսանկարիչներու աչքերով:
«Շուշին մեր Երուսաղէմն է, ու ամէն հայ պարտաւոր է թէկուզ երկու օր` «48 ժամ» ապրիլ այնտեղ»,- ըսած է Ս. Ղարաբաղցեան եւ աւելցուցած, որ Շուշիի վերականգնումը մշակութային վերընձիւղման ամենամեծ վկայութիւնն է:
«Շուշի. 48 ժամ» նախագիծը իրականացուած է նաեւ վաւերագրող լուսանկարիչ, փաստագրական լուսանկարչութեան համար «Ֆիֆթի Քրոուզ» միջազգային ֆոնտի մրցանակակիր Գերման Աւագեանի հետ գործակցաբար:
Նախագիծին մասնակից լուսանկարիչներուն մէջ կային ինչպէս սկսնակներ, այնպէս ալ փորձառուներ Արցախէն, Հայաստանէն եւ Վրաստանէն:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան խորհուրդի անդամ, լրագրող, մեկնաբան Միքայէլ Հաճեան, խօսելով «Շուշի․ 48 ժամ» ծրագրի մասին, նշած է, որ պատկերագիրքը ուխտագնացութիւն է դէպի հայոց սուրբ-սրբոց քաղաքներէն մէկը` Շուշի, ու բոլոր անոնց համար, որոնք տարիներ ետք պիտի տեղեկանան, թէ 2017 թուականի Յունիս 30-ին եւ Յուլիս 1-ին 48 ժամուան ընթացքին ինչպիսին եղած է Շուշին:
Ծրագրին մասնակից լուսանկարիչ, Վրաստանի մշակոյթի նախարարի նախկին տեղակալ Եուրի Մեչիտովի խօսքով` Շուշին զարմանահրաշ քաղաք է, ուր ամէն օր նորովի բացայայտումներ կ’ըլլան: «Պատկերագիրքին մէջ ներկայացուած լուսանկարները կատարուած են ազատ ոճով, եւ ամէն լուսանկարի համար կան մակագրութիւններ»,- աւելցուցած է Եուրի Մեչիտով:
Ձեռնարկի ընթացքին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ պարգեւատրուած են լուսանկարիչներ Գերման Աւագեանը եւ Եուրի Մեչիտովը:
Շնորհանդէսին ներկայ էին Արցախի մշակոյթի եւ եիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նարինէ Աղաբալեան, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Կարէն Միրզոյեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարի պաշտօնակատար Սլաւայ Ասրեան, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, պատգամաւորներ, Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Մինասեան եւ այլ հիւրեր։