ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Կարեւոր չէ ինչպէս կը տատանիմ տարբեր լեզուներու միջեւ, ես կը մնամ հայ, բայց եւրոպացի հայ, ո՛չ ասիացի հայ: Ուրիշ հայ երգահաններու հետ մենք կը ստիպենք Եւրոպային եւ աշխարհին լսելու մեր երաժշտութիւնը: Եւ երբ որ անոնք կը լսեն մեր երաժշտութիւնը, մարդիկ վստահօրէն կ’ըսեն. «Պատմեցէ՛ք մեզի այդ ժողովուրդին մասին, ցո՛յց տուէք երկիրը, որ այդպիսի արուեստ կը ստեղծէ»։
Արամ Խաչատրեան
Արամ Խաչատրեանի անունը յայտնի է ողջ աշխարհին, անոր ստեղծագործութիւնները կը կատարուին ամէն տեղ: Խաչատրեանի երաժշտութիւնը կը հնչէ նաեւ ձայնասփիւռով, հեռատեսիլով, շարժանկարներու մէջ: ԵՈւՆԵՍՔՕ-ն Խաչատրեանը կը դասէ 20-րդ դարու ամենայայտնի երգահաններու շարքին. մեր ժամանակներու ամենահանրածանօթ ստեղծագործութիւններու ցուցակին վրայ, առաջնային տեղերէն մէկը կը գրաւէ անոր «Սուսերով պարը»՝ «Գայիանէ» պալէէն։ Խաչատրեանի անունը կը կրեն Հայաստանի ֆիլհարմոնիայի Մեծ դահլիճը, լարային քառեակը, դաշնակահարներու եւ երգահաններու ամէնամեայ մրցոյթը:
«Զարթօնք»-ը, այս անգամ, կանգ առաւ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ: Հայ ժողովուրդի մեծ զաւակ, անուանի երգահան Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը հիմնադրուած է 1978-ին: Անիկա կոչուած է մեծ արուեստագէտի յիշատակը յաւերժացնելու եւ անոր երաժշտական հարուստ ժառանգութիւնը պահպանելու եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու:
Թանգարանի ստեղծման եւ երգահանի կեանքի մանրամասներուն մասին մեզի կը պատմէ թանգարանի տնօրէն Արմինէ Գրիգորեան, որ այդ պաշտօնին վրայ է 2004-էն ի վեր։
«Զ.» – Մեր ընթերցողներուն կը պատմէ՞ք, թէ երբ հիմնադրուած է թանգարանը եւ որո՞ւն ցանկութիւնը եղած է զայն բանալը:
«Ա. Գ.» – Ատիկա եղած է նոյնինքն Արամ Իլյիչի ցանկութիւնը։ Երեւանի մէջ գտնուող այս տունը, որ 1947-ին իբրեւ ընծայ իրեն յանձնուեցաւ կառավարութեան կողմէ, ան ուզեց, որ յետագային այդ տունը դառնայ իր տուն-թանգարանը: Այս մէկը շատ պարտաւորեցնող է մեզի համար, կարելի է ըսել, նաեւ՝ երջանկութիւն է, որովհետեւ Մոսկուայի իր բնակարանը, ուր ինքը ապրած է, չի գործեր իբրեւ տուն-թանգարան, իսկ երեւանեան առանձնատունը միակն է աշխարհի վրայ, իբրեւ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարան:
Թանգարանը հիմնադրուած է 1978-ին եւ իր դռները բացած է 1984-ին: Կառուցուած է առանձնատան հիման վրայ եւ առանձնատունը մինչ այսօր կը ներկայացուի իբրեւ յուշային մաս: Այնտեղ մենք կը պահապանենք ամէն ինչ, սկսեալ իր անձնական իրերէն ու կահոյքէն: Ամենակարեւորը այն է, որ յուշային մասով ցուցադրուած է իր Ռոյալը, որուն վրայ Արամ Խաչատրեանը ստեղծագործած է եւ աշխարհ բերած իր հանճարեղ ստեղծագործութիւնները: Շատ մեծ հետաքրքրութիւն կ’առաջացնէ թանգարանի յուշային մասը, ուր մենք կը փորձենք պահպանել այն մթնոլորտը, որ տիրած է այն տարիներուն, երբ Արամ Իլյիչը կ’այցելէր Հայաստան եւ կ’ապրէր այդ տան մէջ:
Տուն-թանգարանի երկրորդ յարկին մէջ կայ տասը ցուցասրահ, ուր, ըստ թեմաներու, կը ներկայացուի Խաչատրեանի կեանքը եւ գործունէութիւնը: Այստեղ, նոյնպէս, կը ցուցադրուին բաւականաչափ նիւթեր. Ե՛ւ բնագիր նիւթեր, ե՛ւ պատճէններ, ե՛ւ լուսանկարներ, ե՛ւ յայտագրեր, ե՛ւ նամակներ, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական փաստեր երգահանի մասին: Թանգարանի ամենակարեւոր եւ կենդանի սիրտը կարելի է համարել համերգային սրահը, որ նոյնպէս մեծ երգահանի ցանկութիւնն ու երազանք էր, որ իր տուն-թանգարանին մէջ անպայման ըլլայ մեծ լուսաւոր համերգասրահ, ուր անընդհատ հնչէ երաժշտութիւն, ո՛չ միայն իր հնչիւնները, այլեւ՝ ընդհանրապէս համաշխարհային երաժշտական գոհարներ: Այդ իր իղձը մենք կը փորձենք իրականցնել. թանգարանի համերգասրահը շատ գործուն է, եւ գրեթէ ամէն օր տեղի կ’ունենան համերգներ, տարբեր տեսակի ցուցադրութիւններ եւ հետաքրքրական հանդիպումներ մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներու հետ:
«Զ.» – Թանգարանը ունի նաեւ գրադարան եւ ձայնադարան, ի՞նչ հաւաքածոյ կ’ընդգրկեն թանգարանի գրադարանն ու ձայնադարանը:
«Ա. Գ.» – Թանգարանի ձայնդարանին եւ գրադանին մէջ կը պահպանուի մեծաքանակ հարստութիւն` հազարաւոր ձայնասկաւառակներ, որոնք պարբերաբար մեզի կը տրամադրուին տարբեր մարդոց եւ մեր ձայնադարանի հովանաւոր-հիմնադիր գանատահայ բարերար Հարմիկ Գրիգորեանի կողմէ, որուն միջոցով այդ ձայնադարանը ստեղծուած է եւ տարուէ տարի կ’աճի: Բոլորը բնագիր ձայնասկաւառակներ են, եւ կան ձայնագրութիւններ, որոնք միակն են մեր տարածաշրջանին մէջ եւ մեզի յանձնուած են Հարմիկ Գրիգորեանի կողմէ, որ ունենալով երաժշտական խանութներու ցանց՝ մեծ գիտակ է դասական երաժշտութեան:
Տուն-թանգարանի գրադարանին մէջ ընդգրկուած են հայերէն, ռուսերէն ֆրանսերէն լեզուներով գիրքեր, մենախօսութիւններ, որոնք կը լուսաբանեն երգահանի կեանքի կարեւոր շրջանները, ստեղծագործութիւնը, բազմակողմանի գորածունէութիւնը: Գրադարանին մէջ հաւաքուած են Արամ Խաչատրային գրեթէ բոլոր հրատարակուած ստեղծագործութիւնները: Թանգարանը կը հաւաքէ նաեւ հայ եւ օտար երգահաններու եւ երաժիշտներու մասին մենագրութիւններ եւ անոնց ստեղծագործութիւններէն:
«Զ.» – Ինչպէ՞ս կ’իրականացուին այցելութիւնները եւ ցուցադրութիւնները: Ի՞նչ ծրագիրներ կ’իրականացնէ թանգարանը:
«Ա. Գ.» – Մեր այցելութիւնները կը կատարուին երեք լեզուներով` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն։ Սակայն, մենք ունինք նաեւ ձայնային առաջնորդ ծառայութիւն՝ տասը լեզուներով, նոյնիսկ չինարէն եւ ճափոներէն, որ այս տարի նորամուծութիւն էր, որ տեղադրուեցաւ թանգարանին մէջ եւ 30 ցուցանմոյշի պատմութիւն կարելի է լսել եւ կարդալ այդ տասը լեզուներով:
Պէտք է ըսեմ, որ տարուէ տարի կ’աւելնայ այցելութիւններուն քանակը: Այս ուղղութեամբ կը կատարուին բազմապիսի աշխատանքներ, որովհետեւ այսօր թանգարանը իրաւունք չունի նստելու եւ սպասելու, թէ այցելուն պիտի գայ դէպի թանգարան: Պէտք է անպայման աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Մենք կ’օգտագործենք համացանցային բոլոր հնարաւորութիւնները, նաեւ կ’իրականացնենք տարբեր ծրագիրներ. թանգարանին մէջ կայ թանգարանային կրթութեան կեդրոնը, որ բացուած է երեք տարի առաջ, որուն միջոցով տարբեր ծրագիրներ կ’իրականացուին ամբողջ Հայաստանի մէջ: Անկէ անկախ, մենք ունինք մեր անձնական կրթական ծրագիրները` տասէն աւելի, որոնց միջոցով կրնանք նաեւ գրաւել եւ թանգարան բերել երեխաները: Թանգարանին մէջ կայ նաեւ երաժտական հնագոյն գործիքներու հաւաքածոն եւ մենք, հնագէտ Մարթին Երիցեանի հետ, մշակած ենք ծրագիր մը, որուն միջոցով երախաներուն կը ծանօթացնենք այդ գործիքներու ստեղծման եւ պատմութեան: Նաեւ ունինք ծրագիր, որ կը կոչուի «դպրոցի հիւր»: Այս ծրագիրին ծիրէն ներս՝ մեր աշխատողները կ’այցելեն ո՛չ միայն Երեւանի, այլեւ՝ մարզերու տարբեր դպրոցներ:
«Զ.» -Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Սփիւռքի հետ: Ո՞վ են թանգարանի բարեկամները:
«Ա. Գ.» – Պէտք է ըսեմ, որ Սփիւռքի ներկայացուցիչները մեր թանգարանի ամենաաշխոյժ այցելուներէն են, եւ մեր ցուցասրահներէն մէկը նուիրուած է Արամ Խաչատրեանի եւ սփիւռքահայութեան կապին, ուր կը ներկայացնենք լուսանկարներ, բազմաթիւ նուէրներ, որոնք փոխանցուած են Արամ Խաչատրեանին՝ սփիւռքահայերու կողմէ:
Ըսեմ, որ մեր թանգարանի հաւաքածոյին մէջ ընդգրկուած են նաեւ գեղանկարչական աշխատանքներ, որոնցմէ պէտք է նշեմ Էդմոն Այվազեանի նկարած Արամ Խաչատրեանի նկարը, որ ան ստեղծած է 1977-ին, Լոնտոնի մէջ: Մինչեւ այսօր գեղանկարիչը կ’ապրի Լոնտոն եւ այդ նկարը՝ իր կողմէ ժամանակին յանձնուած է Կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ին, այնուհետեւ Կաթողիկոսին կողմէ, իբրեւ նուէր, յանձնուած է թանգարանին:
Նշեմ, որ Լիբանանը իմ ամենասիրած երկիրներէս է, ուր քանի մը անգամ այցելած եմ թէ՛ իբրեւ երաժիշտ, թէ՛ իբրեւ կատարող եւ թէ՛ իբրեւ թանգարանի տնօրէն: Միշտ սիրով կը սպասեմ այնտեղի հրաւէրները: Շատ տպաւորուած եմ լիբանանեան հայութեամբ: Արամ Խաչատրեանը այնտեղ բազմիցս ելոյթներ ունեցած է եւ շատ մեծ յաջողութեամբ։ Հետաքրքրական պատմութիւններ կան, որոնք կապուած են Լիբանան անոր այցելութեան հետ: Այդ տարիներուն Լիբանանի մէջ չկար հայկական նուագախումբ, եւ երբ Արամ Խաչատրեանը հրաւիրուեցաւ այնտեղ, բնականաբար ան պէտք է ղեկավարէր նաեւ սինֆոնիկ նուագախումը, եւ այդ պատճառով Պէյրութ հրաւիրուեցաւ Եգիպտսի սինֆոնիկ նուագախումբը, որ այդ տարիներուն բաւական մեծ քայլ էր: Ամենաբարձր մակարդակով ընդունեցին մայսթրոն, բաւական գեղեցիկ ընդունելութիւն կազմակերպուած էր եւ դեռ համերգէն երկու-երեք ամիս առաջ արդէն բոլոր տոմսերը վաճառուած էին եւ ստիպուած եղան մէկ համերգի փոխարէն քանի մը համերգ կազմակերպելու, որպէսզի բոլոր փափաքողները կարենան մասնակցիլ եւ հանդիպիլ իրեն:
Ես առիթը օգտագործելով կ’ուզեմ սիրով ողջունել «Զարթօնք»-ը եւ մեր հայրենակիցները, հիացած եմ իրենց մօտեցումներով, հայապահպանութեան գործին մէջ իրենց ներդրումով, որովհետեւ շատ ճիշդ ուղիի վրայ են իրենք, թէ՛ մշակոյթը պահպանելու, թէ՛ կրթութեան գործին մէջ:
«Զ.» -Երգահան Տիգրան Մանսուրեանը ըսած է, որ Արամ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը կը ներգրաւէ ամերիկեան յատկանիշներ եւ ԱՄՆ-ը կոչած է անոր երկրորդ հայրենիքը` երաժշտական ներշնչանքներու, յատկապէս `լաւատեսութեամբ լի կենսակերպ ունենալուն համար: Դուք, իբրեւ երաժիշտ, ի՞նչ կարծիք ունիք Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութեան վերաբերեալ:
«Ա. Գ.» – Առաջին հերթին Արամ Խաչատրեանը ինքզինք միշտ հայ համարած է եւ միշտ ըսած է, որ իր երակներուն մէջ հայու արիւնն է, եւ թէ ինք միշտ եղած է ու կը մնայ հայ: Հակառակ անոր, որ Ռուսիան կրթած է զինք եւ թեւեր տուած իբրեւ արուեստագէտ, դժուար է ըսել, թէ յստակ ո՞ր երկրին կը պատկանի ան։ Կարելի է ըսել, որ ան համաշխարհային երեւոյթ է: Ի ուրախութիւն մեզի՝ Խաչատրեանի միջոցով հայ արուեստը, հայ մշակոյթը հասած է աշխարհին եւ հասանելի է մինչ այսօր։ Իր հնչիւններուն միջոցով, շատ երկիրներու մէջ կը ճանչնան ո՛չ միայն հայ երաժշտութիւնը, այլեւ՝ հայ ազգը եւ Հայաստանը՝ իբրեւ մշակութային երկիր:
Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութեան առանձնայատկութիւնը այն է, որ հիմնուելով ազգային ռիթմերուն, հնչիւններուն եւ երաժշտութեան ազգային ֆոնտին վրայ՝ ան կրցած է զայն բարձրացնել համաշխարհային մակարդակի եւ հասանելի դարձնել իւրաքանչիւր ազգի ներկայացուցիչի: Իր բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ մեզի կը գրաւէ անոր հա՛յ ըլլալը, ազգայինի ներդրումը, սակայն, իւրաքանչիւր երկրի, իւրաքանչիւր ազգի ներկայացուցիչի համար՝ անոր երաժտութիւնը կը դառնայ հասանելի, անշուշտ լա՛ւ իմաստով հասանելի եւ մատչելի, որովհետեւ գրուած է համաշխարհային, դասական ամենաբարձր երաժշտական հնչիւններու եւ գոյներու միջոցով:
Պէտք է ըսեմ, որ իր ստեղծագործութեան մէջ, առաջին հերթին, զիս միշտ գրաւած է իր եռանդը, իր տուած լիցքը: Կրնամ ըսել, որ դեռ անսահման ուսումնասիրելու եւ ճանչնալու ճանապարհ պէտք է անցնիմ, որովհետեւ շատ մեծ է ան իբրեւ անձնաւորութիւն, հետաքրքրական եւ գրաւիչ:
«Զ.» – Շնորհակալութիւն տիկին Գրիգորեան ձեր սուղ ժամանակին համար: Յիշեցնենք, որ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Զարոբեան փաղոցին վրայ, մուտքը՝ Մարշալ Բաղրամեան պողոտային կողմէ:
Հեռ.` + (37410) 580178, (37410) 589418
կայք` www.akhachaturianmuseum.am
ել հասցէ ` a_khachaturyan@mail.ru