Դիլիջանեան Ճամբարը Պիտի Համախմբէ Հայ եւ Վրացի Երաժիշտներ

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ` Հայաստանի Երգահաններու միութիւնը, Օգոստոս 15-26, Դիլիջանի Էդուարդ Միրզոյեանի անուան երգահաններու ստեղծագործական տան պիտի պիտի իրականացնէ հայ եւ վրացի երիտասարդ երգահաններ եւ կատարողներու երաժշտական ճամբար:

Ձեռնարկը պիտի իրականացուի հայ-վրացական համագործակցութեան ծիրէն ներս: Հայաստանի Երգահաններու միութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝  երաժշտական ճամբարին նպատակն է ստեղծել մէկ միասնական հարթակ երկու երկիրներու երիտասարդ արուեստագէտներու միջեւ փորձի փոխանակման, մշակութային կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ յետագայ համատեղ նախագիծերու մշակման համար:

Երաժշտական ճամբարին Հայաստանէն եւ Վրաստանէն պիտի մասնակցի 40 երգահան եւ կատարող:

12 օրերու ընթացքին մանսակիցներուն համար պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ եւ վարպետութեան դասեր ինչպէս հայաստանաբնակ, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ անուանի երգահաններու, կատարողներու, արուեստի եւ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչներու հետ: Նախագիծին ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ հանդիպում ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի հետ:

Հայ եւ վրացի արուեստագէտներու համար պիտի կազմակերպուի պտոյտ դէպի Հաղարծին եւ Գոշավանք, իսկ ճամբարի աւարտէն ետք` այցելութիւն Երեւանի թանգարաններ:

Ճամբարը պիտի եզրափակուի 12-օրեայ աշխատանքի ամփոփումով եւ կալա համերգով, որ տեղի պիտի ունենայ Դիլիջանի Էդուարդ Միրզոյեանի անուան երգահաններու ստեղծագործական տան Պեթհովենի անուան դահլիճին մէջ: Մեծ խարոյկը պիտի ազդարարէ ճամբարին աւարտը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *