Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ֆիլմը, Շանհայի միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս տեղի ունեցած համաշխարհային անդրանիկ ներկայացումէն ետք, պիտի ցուցադրուի նաեւ Իտալիոյ` Վենետիկի փառատօնին:
Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ «Ֆիշ այ Արթ» մշակութային հիմնադրամի իտալական գործընկեր Blue Knowledge Association-ին նախաձեռնութեամբ՝ յանձինս ընկերութեան տնօրէն` Orietta Trevisanato Zampieri-ի, Սեպտեմբերին կը նախատեսուի բեմադրչի Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ֆիլմին ներկայացումը եւ ցուցադրութիւնները Իտալիոյ մէջ` Վենետիկի փառատօնին ծիրէն ներս: Կը նախատեսուին նաեւ հանդիպումներ, քննարկումներ շարժանկարի ոլորտի ականաւոր ներկայացուցիչներու, վաճառքի գործակալներու, ֆիլմ-արտադրողներու հետ` «Վերջին բնակիչը» ֆիլմի, բեմադրիչի յաջորդ` «Դրախտի դարպասը» նախագիծի եւ յառաջիկայ այլ ծրագիրներու հետ կապուած:
«Անհրաժեշտ է հայկական շարժանկարի զարգացման որակական նոր վերելք մը ամրագրենք աշխարհի մէջ, միջազգային հարթակներու վրայ նպաստենք անոր հեղինակութեան բարձրացման: Ես ատիկա կը փորձեմ ընել ֆիլմերուս միջոցով` համընդհանուր ուշադրութեան արժանացնելով հայկական շարժանկարը եւ վեր հանելով համահայկական նշանակութեան հիմնախնդիրներ` ներառեալ ղարաբաղեան խնդիրը: «Վերջին բնակիչը» ֆիլմին ցուցադրութիւնները համաշխարհային ամենայարգի` Կաննի շարժանկարի շուկային, Շանհայի եւ Վենետիկի փառատօններուն այդ ուղղութեամբ կատարուող մեր ջանքերուն շօշափելի արդիւնքներէն են: Յօգուտ հայկական շարժանկարի զարգացման եւ մեր համընդհանուր նպատակներու իրագործման` մենք միշտ բաց ենք առաջարկներու եւ համագործակցութիւններու համար: Այդ ճանապարհին կարեւոր կը համարեմ ոչ միայն անհատական նախաձեռնողականութիւնը, այլ նաեւ` պետական աջակցող եւ երբեմն համակարգող ձեռքի առկայութիւնը, որ միջազգային շրջանակներու մէջ լրացուցիչ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ թէ՛ շարժանկարի նախագիծերու եւ թէ՛ նոյնինքն պետութեան համար` յատկապէս ազգային ռազմավարական նշանակութեան հարցեր բարձրացնելու գործին մէջ»,- ըսած է Ջիւան Աւետիսեանը:
Սեպտեմբեր 5-ին, «Վերջին բնակիչը» ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Վենետիկի փառատօնի Venice production Bridge-ին, որուն ժամանակ, բացի տարբեր հիւրերէ, ներկայ պիտի ըլլան ֆիլմի ստեղծագործական եւ դերասանական կազմերու անդամներ:
Սեպտեմբեր 7-ին, կը նախատեսուի մամլոյ ասուլիս` ֆիլմի ստեղծագործական կազմին հետ, որ պիտի հեռարձակուի իտալական Antenna Cinema 24 հեռուստատեսութեան կողմէ: Ասուլիսին, բեմադրիչին հետ մէկտեղ, ներկայ պիտի ըլլան եւ խօսքով հանդէս գան նաեւ ֆիլմի լիթվիացի արտադրողեր Գէսդուդիս Տրազտաուսգասը եւ գործադիր արտադրող Ատրինէ Միրզայեանը` ԱՄՆ-էն: Մամլոյ ասուլիսին խօսքով հանդէս պիտի գայ նաեւ հանրայայտ գրող, ստեղծագործող Անթոնիա Արսլանը, որ ունի հայկական արմատներ եւ հայ հասարակութեան աւելի շատ ծանօթ է «Արտոյտներու ագարակը» վէպով, որուն հիման վրայ նկարահանուած է համանուն ֆիլմ` Վիթթորիօ եւ Փաոլօ Դաւիանի եղբայրներուն կողմէ:
Յատկանշական է, որ Իտալիոյ մէջ` «Վերջին բնակիչը» ֆիլմին ցուցադրութիւնները կ’իրականացուին Վենետոյի (վարչական կեդրոնը` Վենետիկ) նահանգապետ Լուգա Զայայի բարձր հովանաւորութեամբ եւ անմիջական մասնակցութեամբ: