«Տէրեան» Կեդրոնի Ազգային Տարազները Ցուցադրուած են Ախալքալաքի Թանգարանին Մէջ

Ախալքալաքի Գաւառագիտական թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է գորգերու, Հայաստանի տարբեր մարզերու հայկական ազգային տարազներու եւ հայկական հնագոյն նախշերով արծաթեայ զարդերու ցուցահանդէս-վաճառք:

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ «Jnews.ge»ը հաղորդած է, թէ ներկայացուած են Լիլիթ Մելիքեանի Հայաստանի տարբեր մարզերու հայկական հնագոյն ազգային տարազներու հաւաքածուն, այլ աշխատանքներ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնէն, ասեղնագործուհի Արփի Աւդալեանի աշխատանքները եւ Տաթեւ Յովակիմեանի պատրաստած արծաթեայ զարդերը:

Վարպետներու եւ ձեռագործներու խումբը Ախալցխայի մէջ մասնակցած է «Ռաբաթ» գորգերու միջազգային փառատօնին եւ Միթրոբոլիթ Նիկոլոզի հրաւէրով այցելած Ախալքալաք: Անոնք արդէն երկրորդ տարին է կը մասնակցին գորգերու միջազգային փառատօնին, իսկ Ախալքալաքի մէջ կը ցուցադրուին առաջին անգամ:

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդական փոխանորդ, վարդապետ Բաբգէն Սալբիյեան շնորհակալութիւն յայտնած է Միթրոբոլիթ Նիկոլոզին, որ ան հնարաւորութիւն տուած է ախալքալաքցիներուն տեսնելու հին գորգերու այս հաւաքածուն եւ հայկական ազգային տարազները:

«Մենք միշտ ցանկացած ենք ունենալ հին հայկական գորգերու եւ Հայաստանի տարբեր մարզերու ազգային տարազներու նման ցուցահանդէս: Նման ձեռնարկները միշտ տեղի կ՝ունենան մեծ քաղաքներու մէջ, եւ մեր ժողովուրդը հեռու կը մնայ նման ձեռնարկներէ: Շնորհակալութիւն նաեւ Տաթեւ Մուրատեանին, որ համաձայնեցաւ ցուցադրուիլ նաեւ Ախալքալաքի մէջ»,- ըսած է Բաբգէն Սալբիյեան:

Տաթեւ Յովակիմեանը ներկայացուցած է  հայկական ճարտարապետութեան զարդանախշերով արծաթեայ զարդեր, որ պատրաստած է իր ձեռքերով:

«Բոլոր զարդանախշերը վերցուած են հնագոյն եկեղեցիներէ: Ես կ՝աշխատիմ Ուրարտական ոճով եւ կը փորձեմ պահպանել արծաթագործութեան հին աւանդոյթները»,- նշած է Տաթեւ Յովակիմեան: Արփի Աւդալեանը ներկայացուցած է ասեղնագործ աշխատանքները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը եզակի է:

«Ասեղնագործուած հնագոյն զարդանախշերը ես կը տեղադրեմ արծաթեայ շրջանակներու մէջ, զանոնք կարելի է օգտագործել»,- ըսած է Արփի Աւդալեան:

Տաթեւ Մուրատեանը, որ կը ներկայացնէ «Հանգոյց» ժողովրդական մշակոյթի հիմնադրամը եւ «Մետաքսի ճանապարհ» հիւրանոցը, ըսած է որ «Տէրեան» կեդրոնը ունի Ջաւախքի եւ Ախալցխայի շատ տարազներ, եւ անոնք կրկին կու գան Ախալքալաք ցուցադրելու Ջաւախքի տարազները:

«Ես կը խօսիմ «Տէրեան» կեդրոնի տնօրէնին հետ, եւ մենք անպայման կը ցուցադրենք այստեղ Ջաւախքի տարազները: Մենք պարզապէս չէինք գիտեր, թէ պիտի գանք Ախալքալաք: Արդէն գտած ենք կապեր, համագործակցութիւն եւ կը ծրագրենք մեր ապագայ այցը»,- ըսած է Տաթեւ Մուրատեանը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *