Երեւանի Մէջ Մեկնարկած է Տաղանդաւոր Արուեստագէտները Բացայայտող Creative Armenia Նախագիծը

Երեւանի մէջ մեկնարկած է Creative Armenia մշակութային կազմակերպութեան գործունէութիւնը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախորդ ամիս տեղի ունեցած պաշտօնական մեկնարկէն յետոյ, որ իրականացած էր «Խոստում» ֆիլմի ստեղծողներու եւ UCLA համալսարանի` թատրոնի, շարժանկարի եւ հեռատեսիլի մասնաճիւղին հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք, Creative Armenia-ն կը սկսի իր գործունէութիւնը Երեւանի մէջ:

Նախագիծի հիմնադիր Կարին Յովհաննիսեան ըսած է, որ նպատակներու իրականացման համար կազմակերպութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ շատ մեծ դեր եւ նշանակութիւն ունի: «Լոս Անճելըսէն մինչեւ Երեւան` մեր աշխատանքը տաղանդաւոր արուեստագէտներու բացայայտումն է թուային դարաշրջանի մէջ: Այս նախագիծը ստեղծուած է արուեստի, մարդու իրաւունքներու եւ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու հատման արդիւնքով: Մենք Հայաստանի մէջ շատ տաղանդներ ունինք, եւ Creative Armenia-ն այս ամիսներու ընթացքին պիտի առաջարկէ թուային դրամաշնորհներ, մրցոյթներ: Միասին մենք պիտի աշխատինք մեր մշակոյթին նոր համ ու հոտ տալու ուղղութեամբ»,- ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ ըսած է Կարին Յովհաննիսեանը:

Creative Armenia-ն կը մեկնարկէ շարք մը ծրագիրներով` դրամաշնորհներու տրամադրումով, թուային ամսագիրի թողարկումով, ժամանակակից սեփական արտադրանքով: Կազմակերպութեան մեկնարկային ծրագիրը ստեղծարար մարտահրաւէրներու շարքն է: Այդ շարքէն առաջին վիտէոմարտահրաւէրն է բեմադրիչ Թերրի Ճորջի («Ռուանտա հիւրանոց», «Խոստումը») կողմէ: Պէտք է նկարահանել մարդու իրաւունքներու մասին պատմող ֆիլմ 60 վայրկեանանոց` առանց երկխօսութիւններու: Մրցանակը պիտի կազմէ 5000 ԱՄՆ տոլար: Մրցանակակիրը պիտի որոշուի ժիւրիին կողմէ, որուն կազմին մէջ ներգրաւուած են յայտնի բեմադրիչ Թերրի Ճորճը, Կաննի փառատօնի «Կրան փրի»-ի մրցանակակիր, բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանը, հասարակական ազդեցութեան ոլորտին մէջ հանրայայտ Պոննի Ապաունզան, հասարակական ազդեցութեան հանրաճանաչ շարժանկարի գործիչ Քառլա Կարապետեանը եւ UCLA-ի հասարակական ազդեցութեան ժամանցի` Skoll կեդրոնի գործադիր տնօրէն Փիթըր Պիսանզը:

Մարտահրաւէրի վերջնաժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ Յուլիս 31, որպէսզի խրախուսուին դիմումները Հայաստանէն: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը անվճար է: Դիմել կրնան շարժանկարի բոլոր գործիչները` անկախ ազգութենէն:

Creative Armenia-ն հիմնադրուած է անյայտ բարերարի մը, «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի եւ «Խոստում»-ի հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք: Անիկա ներկայացուած է Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի մէջ գտնուող ստեղծարար խումբերով եւ հիմնադիր խորհուրդով: Խորհուրդին մէջ կը մտնեն Կրեմմիի մրցանակակիր երաժիշտ Սերժ Թանքեանը, արտադրող դոկտոր Էրիք Էսրայիլեանը, դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը, դերասան Սիմոն Աբգարեանը, դերասան, դրամատուրգ Էրիք Պօղոսեանը, շարժանկարի գործիչ Քառլա Կարապետեանը եւ ձեւաւորող Մայքըլ Արամը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *