Ֆրանսահայ յայտնի երգիչ Շառլ Ազնաւուր, իտալացի դերասանուհի Ճինա Լոլօպրիճիտան, ամերիկացի դերասաններ Քրիսթեըն Տանսթն ու Ճեֆ Կոլտպլիւմը, բրիտանցիներ Ռիչարտ Պրենսոնն ու Սայմըն Քաուէլը, ռեփեր Սնուփ Տոկը եւ այլք 2018 թուականին աստղ պիտի ստանան Հոլիուտի Փառքի ծառուղիին վրայ: Յայտնիներու այդ ցուցակը հրապարակած է Հոլիուտի առեւտրային պալատը:
«Մենք ուշադիր ուսումնասիրած ենք իւրաքանչիւր յաւակնորդի եւ կը կարծենք, որ յաջողած ենք ընտրել խումբ մը տաղանդներ, որոնք կը ներգործեն աշխարհի մէջ բազմաթիւ երկրպագուներու ճաշակին վրայ»,-«armradio.am»-ի փոխանցմամբ` յայտարարած է կոմիտէի նախագահ, բեմադրիչ եւ արտադրող Վին Տի Պոնան: Ան վստահեցուցած է , որ աստղեր ստացողները հպարտ պիտի ըլլան ընդմիշտ Հոլիուտի պատմութեան բաղկացուցիչ մաս դառնալու հնարաւորութեամբ:
Փառքի ծառուղին կը գտնուի Լոս Անճելոսի հիւսիս-արեւելքը: Աստղի ստեղծման գաղափարը ծնած է 1953 թուականին, առաջին աստղը կը պատկանի Պրեսթըն Ֆոսթըրին: