«Անապատի Տխուր Մեղեդին. Պետուին Հայերը Նուրհան Պալեանի Լուսանկարներում»

Վերջերս, Երեւանի մէջ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ Հ.Բ.Ը.Մ. Հիմնադրամ (Հայաստան)-ի հրատարակութեամբ լոյս տեսած է «Անապատի տխուր մեղեդին. Պետուին Հայերը Նուրհան Պալեանի լուսանկարներում» ալպոմը: Նկարաշարքը, որ պէտք է լույս տեսնէր Հալէպ՝ Հայոց ՑեղասպանութԵան 100-Ամեակի առիթով, հասկնալի պատճառներով տպուած է Երեւանի մէջ:

Ալպոմը հրատարակութեան պատրաստած է հայրենի արուեսագէտ Հրազդան Թոքմաճեանը, որ հաւաքած է հալէպահայ ծանօթ ազգայիններէն Նուրհան Պալեանի այն լուսանկարները, որոնք կը ներկայացնեն Ցեղասպանութենէն յետոյ արաբացած եւ պետեուիներու մօտ ապաստան գտած հայեր: Կան նաեւ անոնց կեանքը եւ կենցաղը, ինչպէս նաեւ ՏԷր-Զօրն ու անոր շրջակայքը ներկայացնող լուսանկարներ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայաստանի գրասենեակէն կ’իմանանք թէ ալպոմին շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 26-ին, միութեան կեդրոնի սրահէն ներս:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *