«Այցելութիւն Թանգարաններ եւ Տեսարժան Վայրեր»

 «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը հերթական անգամ իրականացուց «Այցելութիւն թանգարաններ եւ տեսարժան վայրեր» ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Արցախի Վ. Թէքէեանի անուան դպրոցներու 75 աշակերտ իրենց ուղեկցող ուսուցիչներով, հնարաւորութիւն ունեցան այցելելու մեր հայրենիքի պատմամշակութային կեդրոններ` Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան, Հայաստանի ազգային պատկերասրահ, Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, Զօրաց քարեր (Քարահունջ) եւ Շաքի ջրվէժ:

Ծրագիրով նախատեսուած առաջին այցելութիւնը եղաւ Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան, ուր Երեւանի, Կիւմրիի, Ստեփանաւանի եւ Կարբիի թէքէեանցի աշակերտները՝ թանգարանի բացատրողներու ուղեկցութեամբ շրջեցան ցուցասրահներուն մէջ, դիտեցին հին Երեւանի  մանրակերտը` լուսային ազդեցութիւններով: Այնուհետեւ, անոնց համար կազմակերպուեցաւ «Ճանչցիր Երեւանը» գիտահանրամատչելի խաղ-պտոյտը, որ երեխաներուն քաղաքի մասին կարեւոր եւ հետաքրքրաշարժ տեղեկութիւններ հաղորդեց եւ օգնեց տեղւոյն վրայ` թանգարանին մէջ, սորվելու եւ ամրապնդելու  ձեռք բերուած գիտելիքները: Թանգարանի սրահներէն մէկուն մէջ, երեխաները կատարեցին նաեւ Երեւանի անպաշտօն օրհներգ հանդիսացող «Էրեբունի-Երեւան» երգը, անտարբեր չձգելով թանգարանի այլ այցելուներ եւս:

Ճաշէն ետք՝ դպրոցականները այցելեցին Հայաստանի ազգային պատկերասրահ, ուր շրջեցան Յովհաննէս Այվազովսկիի եւ Մարտիրոս Սարեանի սրահներուն մէջ, ծանօթացան մեծն վարպետներու կեանքին, ստեղծագործական ուղիին եւ աշխատանքներուն, իսկ յետոյ մասնակից դարձան կրթական երկու ծրագիրի` «Ճանչնանք մեր մեծերը» եւ «Տապանակիր լեռը»:

Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանն ալ աշակերտներուն համար կազմակերպած էր «Բացայայտում» խաղ-շրջայցը:

Արցախի` Բերձորի Վահան Թէքէեանի անուան միջնակարգ դպրոցի սաներուն համար կազմակերպուեցաւ պտոյտ` ճանչնալու հայրենի հողը եւ ականատես ըլլալու Հայոց աշխարհի հրաշալիքներուն: Երեխաները այցելեցին Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքի մօտ գտնուող աշխարհի հնագոյն աստղադիտարան հանդիսացող Զօրաց քարեր (Քարահունջ): Շրջելով պատմամշակութային արգելոցի տարածքին, անոնք ծանօթացան հնավայրի պատմութեան, ճարտարապետական առանձնայատկութիւններուն:

Այնուհետեւ այցելութիւն կատարեցին Շաքիի ջրվէժ, որ երեխաները գերեց իր աննկարագրելի գեղեցկութեամբ:

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի «Այցելութիւն թանգարաններ եւ տեսարժան վայրեր» ծրագիրին շնորհիւ՝ աշակերտները փոխանակեցին իրենց գիտելիքները, ծանօթութիւն հաստատեցին իրարու հետ, կարեւոր համարեցին շրջայցի ուսուցողական դերը: Պտոյտներէն տպաւորուած` երեխաները նշեցին, որ կը վերադառնան իրենց մարզեր՝ ձեռք բերելով նոր ընկերներ եւ իրենց հետ տանելով հաճելի յիշողութիւններ:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *