Ժորժ Դիւհամելի «Սալավենի Օրագիրը» վէպը

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

2016 թ.-ին Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածինի տպարանէն լոյս տեսած է ֆրանսացի յայտնի վիպագիր Ժորժ Դիւհամելի 224 էջերու վրայ վիպագրուած «Սալավենի Օրագիրը» բազում լեզուներով թարգմանուած երկը:

Այս վէպը իր բնագիրէն թարգմանած է Պարգեւ Շահբազեանը, որուն թարգմանչական առաջին գործը չէ զոր կ’ունենանք:

Վաստակաւոր ուսուցիչ ու թարգմանիչ Շահբազեանի այս գործը Ժորժ Դիւհամելի «Սալավենի Օրագիրը» տարուան լաւագոյն նուէրն է հայ ընթերցողին համար, որպէս մաքուր մայրենիով թարգանութիւն, երբ թարգմանիչը հարիւրի սեմին պահելով միտքի արթնութիւնը՝ կը շարունակէ ծառայել գրականութեան:

Ժորժ Դիւհամել ֆրանսական 20-րդ դարու գրականութեան դասականներէն է, ծնած 1884-ին Փարիզ, մասնագիտութեամբ բժիշկ, որ շրջան մը առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին որպէս վիրաբոյժ ծառայելէ յետոյ ֆրանսական բանակին եւ բազմաթիւ վիրաւորներու հետ հարցազրոյցներ ունենալով՝ պատերազմի ահաւոր վնասներու պատմութիւնները գիրի առնելով զբաղած է:

Այնուհետեւ Ժորժ Դիւհամել ընթացք տուած է իր գրական հակումներուն, լքելով իր մասնագիտութիւնը՝ իր ողջ կեանքին ընթացքին զբաղած է գրականութեամբ, ստորագրելով տասնեակէ աւելի վէպեր:

Թարգմանիչը կը հաստատէ, որ Դիւհամել փորձած է գրել ոչ միայն բանաստեղծութիւններ՝ այլ օգտագործած է արձակ գրականութեան բոլոր ձեւերը, հրապարակագրութիւն, (էսսէ) խոհագրութիւն, պատմուածք, վիպակ, վէպ, թատերգութիւն՝ հասնելով յաջողութիւններու, յատկապէս ստեղծելով վիպաշարեր՝ որոնցմէ մէկը վերոյիշեալ գործն է:

Ժորժ Դիւհամել բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կատարելով Եւրոպայի մէջ եւ արտասահմանի՝ հանդէս եկած է դասախօսութիւններով, ներկայացնելով ֆրանսական մշակոյթը՝ ըլլալով տեսակ մը մշակոյթի դեսպան:

Բ. համաշխարհային պատերազմի ընթացքին 1940-էն սկսեալ նացիստները արգելքի տակ առած են Ժորժ Դիւհամելի գործերը՝ հսկողութեան տակ առնելով գրողին անձը: Բայց Դիւհամել նկարագիրով խիզախ՝ ո՛չ միայն մնացած է իր ծննդավայրին մէջ, այլ շարունակած է ստեղծագործել:

1960 թուականին Դիւհամելի առողջութիւնը կը վատանայ: Բժիշկները կ’արգիլեն որ Դիւհամել զբաղի գրականութեամբ, գործ մը, որ միտքի լարում կը պահանջէր գրողէն:

Բայց Դիւհամել կը շարունակէ գրել իր յուշերը՝ առանձնանալով Վալմոնդուա գիւղի իր ամառանոցին մէջ, ուր 1966 թուականին կը մահանայ 82 տարեկան հասակին:

Թարգմանիչ Շահբազեանը կը գրէ. «Համաշխարհային ճանաչման արժանացած մեծահոգի գրողը բնաւ չդադարեց դիտել աշխարհը սրտաշարժ խանդաղատանքով, մարդկային, բարոյական արժէքների հանդէպ բնածին նուիրուածութեամբ, եւ դրանք մշտապէս անաղարտ պահելու անհրաժեշտութեան գիտակցութեամբ: Այս բոլորի վրայ հարկաւոր է աւելացնել նաեւ նրա ճկուն, յղկուած, խիստ յստակ եւ գեղեցիկ լեզուն՝ դասական ֆրանսերէնը, որով նա համարւում է իր ժամանակի մեծ ոճաբաններից մէկը”:

Հիմա “Սալավենի Օրագիրը” վէպը:

Խիստ հետաքրքրական սկիզբ մը ունի այս վէպը, որ կը լարէ ընթերցողին ուշադրութիւնը, այսպէս.-

«Այսօր, 7 Յունուար, իմ ծննդեան տարեդարձի օրը, ես որոշում եմ ամբողջովին փոխել ապրելակերպս:

Անունս Լուի Սալավեն է: Քառասուն տարեկան եմ: Ամուսնացած: Կինս կանանց մէջ ամենաքաղցր եւ ամենագորովալից էակն է: Այո՛, իսկապէս ոչնչով չեմ կարող մեղադրել նրան, բացի որոշ փոքր բաներից, որոնց մասին անտեղի կը լինէր խօսել այստեղ այս հանդիսաւոր րոպէին: Ես անչափ երջանիկ եմ, որ մայրս դեռ ողջ է: Նա շատ ծեր է, հիանալի անձ, կատարելութեան տիպար: Ճակատագիրը նրան պահել պահպանել է ինձ համար, նա այդ շնորհն արել է ինձ՝ անարժանիս: Լաւ իմանալով թէ ինչու, եւ յոյս ունենալով, որ այն գործածում եմ վերջին անգամ»:

Չմոռնանք, որ վէպը օրագրութիւն է, որուն ընթացքին Լուի Սալավէն՝ վէպին հերոսը, պիտի հասնի հոն, որ բաժնուի իր գորովագութ մօրմէն եւ սիրազեղ կնոջմէն՝ ինչպէս ինք անուանած էր զանոնք: Կը հաստատուի ո՛չ հեռու իրենց տունէն՝ համեստ սենեակի մը մէջ: Ինչո՞ւ:

Որովհետեւ վէպին գլխաւոր հերոսը, Լուի Սալավենը՝ գրասենեակի համեստ պաշտօնեայ, ունի երազանքը դառնալու սուրբ, աշխարհական սուրբ մարդ մը՝ սրբակեաց մարդու բոլոր յատկանիշներով, բարի, խոնարհ, հեզ, ժուժկալ, առաքինի, պարկեշտ, անձնուրաց, մարդասէր:

Կեանքի դաժանութիւնը սակայն կ’ունենայ այնպիսի հոլովոյթներ՝ որ վէպին հերոսը չի կրնար հասնիլ իր նպատակին, այսինքն՝ սրբանալ:

Բայց հերոսը կ’ապրի սուրբի կեանքով, որ թարգմանի՝ յաղթանակած էր:

Այս իմաստով Սալավենը համաշխարհային կերպար է՝ ինչպէս տօն Քիշոթը կամ մեր Երուանդ Օտեանի ընկեր Փանջունին:

Ժորժ Դիւհամելի նիւթը մարդն է: Մարդը՝ ընդհանրապէս: Եթէ այս վէպին մէջ մարդը՝ այսինքն Սալավենը, ֆրանսացի պարզ պաշտօնեայ մըն է՝ նոյն հերոսը կրնայ հնդիկ մը ըլլալ, կամ հայ մը՝ ծնած Հայաստանի Լոռի գաւառի Ահնիձոր գիւղին մէջ, եւ ապրիլ նոյն մտահոգութիւններով, եւ բաղդատուիլ Նիւ Եորք ծնած մարդու մը երազանքներով:

Տիպարը համամարդկային է ըսինք, երբ գրական քննադատները Դիւհամելը իրաւամբ նկատեցին ժամանակակից մը գրական-փիլիսոփայական նոր հոսանքի մը՝ գոյապաշտութեան (էկզիստենցիալիզմի) նախակարապետը:

Գրագէտին նիւթը ՄԱՐԴՆ է սակայն, եւ ոչ թէ գրական որեւէ դպրոցի ներկայացուցիչ ըլլալը: Ինչպէս մեր մօտ գրականութիւնը Հրանտ Մաթեւոսեանի, որ ոչ ապագայապաշտ է, ոչ գոյապաշտ կամ գրական այլ դպրոցի խնկարկու, բայց գրականութեան այժմու մարդը ներկայացնելով՝ զայն կը տանի ապագային: Այլապէս Հրանտ Մաթեւոսեանի Ահնիձորի մէջ ծնած իր հերոսը բաղդատելի պիտի ըլլա՞ր Նիւ Եորքի մէջ ծնած հերոսին, զոր կը ներկայացնէր ամերիկացի յատնի գրող Ֆոլքնըրը:

Նիւթը մարդն է՝ ուր ալ ծնած ըլլայ ՄԱՐԴԸ:

Ու այսպէս, Սալավենի օրագիրին մէջ վէպին հերոս Սալավենը՝ կ՛ունենայ կեանքի փորձադաշտին բոլոր մակընթացութիւններն ու տեղատուութիւնները: Արդեօք ծովը կրնա՞յ չունենալ ալիքներ, կեանքի ծովը՝ առաւել եւս:

Հերոսը կը խորհրդածէ.- «Խորապէս համոզուած եմ, որ հենց ծննդից ես իմ մէջ չէի պարունակում կարողութիւններով օժտուած միայն մէկ մարդու, այլ մի քանի մարդկանց: Օրինակ ինձանից կախուած չէ մեծ գիտնական դառնալը»:

Վէպի հեղինակը Ժորժ Դիւհամել քայլ առ քայլ, կրնկակոխ կը հետեւի հերոսի կեանքին, կարծէք ընդելուզուած ըլլայ անոր հոգեկան վերիվայրումներուն հոգեբոյժի մը նման, վերլուծելով հերոսի հոգեկան գալարումները, անոր սուրբ դառնալու ցանկութեան դերբուկ ճանապարհներուն վրայ: Երբ Սալավենը սուրբեր գտնելու իր ճիգին մէջ խոստովանահայր մը կը փնտռէ ոչ միայն կաթողիկէ համայնքէն՝ այլ նաեւ Աւետարանական-բողոքական համայնքի վերապատուելիէ մը, խոստովանելու համար իր մեղքերը՝ սրբանալու ճամբուն վրայ: Կը յուսահատի:

Կեանքը այլ պատկեր կը ներկայացնէ հերոսին:

Կը հանդիպի մարդու մը, զոր սուրբ կը կարծէ: Բայց այդ «սուրբը» իր առեւտուրի ասպարէզին մէջ թունաւոր նիւթեր խառնելով տուեալ արտադրանքին մէջ՝ մեծաքանակ վաճառքով թէեւ մեծ շահ կ’ապահովէ, բայց կը թունաւորէ ժողովուրդը:

Չէր բաւէր այդ բոլորը՝ տուեալ անհատը կը թելադրէ սուրբ դառնալ ցանկացող Սալավենին, որ լուռ մնայ այս մասին, այսինքն լուռ մնալով գործակցած ըլլայ այս մահացու գործին:

Թէեւ տունէն բաժնուած յանուն սրբացումի իր ծրագիրին՝ շաբաթը հեղ մը կ՛այցելէ իր մայրն ու կինը, Մարգարիտը, յայտնելով.- «Հասկցէք զիս, ես ձեզ սիրելէ դադրած չեմ, կը տառապիմ»:

Մայրը թէ՝ – «Որդեակ, ե՛րբ որ կ’ուզես կրնաս գալ, սա քու տունդ է»:

Մարգարիտը լուռ է՝ ապա կ’ըսէ.- «Իսկ ե՞ս… Եթէ դուն հեռանալով կը տառապիս՝ իսկ ե՞ս…»:

Ամբողջ վէպը վերաշարադրելու միտքը հեռու է ծրագիրէս, բայց կու գամ շեշտելու, որ Ժորժ Դիւհամելի այս գործը հոգեվերլուծումի բացառիկ դաշտ մըն է, ուր եթէ կան մացառ, փուշ ու տատասկ՝ կան նաեւ զոհաբերումի մարդկայնական վեհագոյն ապրումներու, մարդը ՄԱՐԴ դարձնելու գերերջանիկ պահեր, երբ վէպին հերոսը իր գրպանի վերջին մանրադրամը կրնայ ընծայել իր նօթի ծանօթին, եւ կրնայ նոյնիսկ ցուրտ օդին վերարկուն նուիրել նոյն ցնցոտիներ ունեցող մարդուն՝ եւ… ինք հիւանդանալ:

Սալավենը չդարձաւ սուրբ՝ թէեւ ապրեցաւ սուրբի կեանքով: Սուրբեր չկան մարդկային կեանքին մէջ:

Հեղինակը կրնար սրբացնել վէպին հերոսը, որ ան պարտուած չըլլար, բայց չդիմեց այդ քայլին՝ ճշմարտութիւնը ըսելու համար մարդ արարածի մասին:

Հիւանդը խելագար չէր.- «Ա՛հ, եթէ քաջութիւնն ունենայի գոնէ վրաս քաշելու հագուստներս, իջնելու դռնապանուհու սենեակը եւ մի երկտող տալու նրան, որպէսզի ուղարկէր մօրս: Մրսում եմ, մրսում եմ… գրում եմ…. տանջւում եմ եկէք…»:

Պարտուա՞ծ է հերոսը…: Ո՛չ: Պիտի շարունակէ փնտռել ցանկացածը…

Հեղինակը գիրքին յաւելուածին մէջ կը յայտնէ.- «Աւելի ստոյգ լինելու համար աւելացնեմ. եթէ Սալավենի դիմանկարն այն է՝ ինչ ես ցանկացել եմ պատկերել, ապա դա դիմանկարն է նաեւ հազարաւոր մարդկանց, ովքեր չեն ճանաչում միմիանց, երբեք չեն տեսել իրար՝ բայց ինչ-որ ընդհանուր բան ունեն, ինչ-որ բան Սալավենից»:

Հեղինակը այս վէպը չէ գրած ընթերցողը զարմացնելու համար: Գրած է ոչ թէ Ծառին (մարդուն) արտաքինը նկարագրելու համար, այլ խորազննին քննութեամբ տալու համար մարդու ներաշխարհին բազմագալար ու անվերջանալի մտածումները:

Հեղինակը կ՛աւելցնէ.- «Սալավենի պատմութիւնը չի մեծացել մի տան նման, այն մեծացել է մի ծառի նման, կենդանի մի էակի նման: Մենք նրանց հանդիպում ենք նախ մեր մէջ, բայց շուտով նրանք փախչում են մեզանից եւ տարածւում աշխարհում»:

Հեղինակը յայտնուեցաւ որպէս Սալավենի ընկերն ու բարեկամը՝ ուրեմն չէր կրնար սպաննել զայն:

«Սալավենը մեռած է՝ բայց չէ՞ որ մենք ապրում ենք հանգուցեալների հետ: Ես զայն չեմ հեռացնի ինձանից»:

Երեւան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *