Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուր հիւրընկալուած է Le Club de Richard Findykian ձայնասփիւռի հաղորդաշարին, որու ընթացքին ան պատմած է վերջերս Հայաստան կատարած իր այցին, որդիին մկրտութեան, ինչպէս նաեւ յայտնած է որ «Pour toi Arménie» յայտնի ու սիրուած երգը կրնայ դառնալ Հայաստանի նոր քայլերգը, կը գրէ «Թերթ․ամ»-ը:
«Ես կը կարծեմ, որ «Pour toi Arménie» երգը, կարելի է վերածել Հայաստանի քայլերգի, քանի որ ներկայիս մեր ունեցած քայլերգը առանձնապէս բան չի հաղորդեր: Ես ատիկա կ’ուզէի»,- ըսած է Ազնաւուր` աւելցնելով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան հաւանութիւն տուած է այդ գաղափարին:
Երգիչը ձայնասփիւռի հաղորդումին տուած հարցազրոյցի ժամանակ պատմած է Հայաստան կատարած այցի ընթացքին իր որդիին` Նիկոլայի մկրտութեան մասին: Ան նշած է, որ իր բոլոր երեխաները հայկական եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած են, իսկ Նիքոլան մկրտութեան համար ընտրած է իր հօր անունը:
Նշենք, որ Նիքոլա Ազնաւուրի մկրտութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Տաթեւի վանքի Սուրբ Պողոս-Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ:
Հարցումին, թէ Ազնաւուր արարողութեան ժամանակ հաւանաբար շատ յիշած է իր ծնողները, զգացած անոնց ներկայութիւնը, երգիչը նշած է, որ ընդհանրապէս շատ կը մտածէ անոնց մասին: «Ես շատ յաճախ գիշերը երազիս մէջ ծնողներս կը տեսնեմ, որովհետեւ հայերը կը սիրեն երեխաներն ու մեծերը»,- ըսած է ան:
Ան պատմած է նաեւ «Ազնաւուր» հիմնադրամի ստեղծման մասին:
«Հիմնադրամի բոլոր հարցերով կը զբաղի Նիքոլան, ան այս գործը շատ լաւ կը կատարէ»,- ըսած է Ազնաւուր:
Ան նշած է, որ հիմնադրամը պիտի զբաղի ամբողջ աշխարհի մէջ հայերուն օգնութիւն տրամադրելով:
Հարցազրոյցի ընթացքին Ազնաւուր նաեւ պատմած է Երեւանի մէջ իր տուն-թանգարանի բացման մասին, նշելով որ անիկա պիտի ըլլայ ոչ միայն թանգարան, այլեւ մշակութային տուն եւ երիտասարդական կեդրոն, որ պիտի փորձէ ներգրաւել երիտասարդները, որոնք կը ցանկանան իրենք զիրենք դրսեւորել արուեստի մէջ, կեանքի կոչել իրենց հնարաւորութիւնները` ապրելով Հայաստանի մէջ: