Ապրիլ 26-ին, Ստեփանակերտի Սայաթ-նովայի անուան երաժշտական գոլէճին մէջ, համերգային ծրագիրով հանդէս եկաւ Երեւանի պետական քամերային երգչախումբը`գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Յարութիւն Թօփիկեանի: Այս մասին կը հաղորդէ «Aparaj.am»-ը։
Համերգային ծրագիրի առաջին մասը Կոմիտասի ստեղծագործութիւններն էին, որոնք տարածելու եւ հանրութեան ճանաչելի դարձնելու առաքելութիւն ստանձնած է նշեալ երգչախումը: Բարձր կատարողական արուեստով ու իւրայատուկ ոգիով հնչեցին նաեւ Ուիլլի Ուայնըրի ստեղծագործութիւնները` երգահան Երուանդ Երկանեանի մշակումով, ինչպէս նաեւ ճազային ծանօթ ու սիրուած երգեր: Մշակութային հանդիպումը աւարտեցաւ Կոմիտասի Ազգային օրհներգով` երգչախումբի ու հանդիսատեսի համատեղ կատարումով:
Ներկայ էին ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան եւ այլք: Երեւանի պետական կամերային երգչախումբի արցախեան համերգը կայացաւ ՀՀ մշակութի նախարարութեան «Մշակութային կանգառ» ծրագիրին ծիրէն ներս, ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան աջակցութեամբ: