Հայկական եւ վրացական ձեռագիրները պիտի ցուցադրուին Հոնկ Քոնկի համալսարանին մէջ:
Վկայակոչելով «South China Morning Postօ»-ի տեղեկութիւնները՝ «Artsakhpress.am»-ը կը հաղորդէ, թէ մինչեւ Յունիս 11 տեւող ցուցադրութեան ընթացքին պիտի ներկայացուին 11-18-րդ դարերու ձեռագրեր:
«Հայկական ձեռագրերը ամենահարուստ պատկերազարդումներով ձեռագրերն են Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէական եկեղեցիներէն: Անոնց մէջ առաջնային նշանակութիւն ունի Աւետարանը: Հայերը զայն կը պաշտեն նոյնքան, որքան յոյն ու ռուս ուղղափառները` սրբապատկերները»,- նշած է Հոնկ Քոնկի համալսարանի թանգարանի եւ գեղարուեստական պատկերասրահի տնօրէն Ֆլորիան Գնոդէն: