Ա. Սպենդիարեանի անուան երաժշտական դպրոցի 7-րդ դասարանի աշակերտուհի Լաուրա Գալստեան Հռոմի մէջ կայացած MELOS ամէնամեայ երաժշտական միջազգային մրցոյթին գրաւած է 1-ին պատուաւոր մրցանակը:
Ըստ «PanArmenian.net»-ի՝ ժիւրիի նախագահ, փրոֆէսըր Ռիքարտօ Մարինին նշած է, թէ այս տարի մրցոյթը անցած է տարբեր բաժիններով` դաշնակ, լարային գործիքներ եւ վոքալ: 2017-ի մրցոյթը տարբեր եղած է մասնակիցներու առաւել բարձր պատրաստուածութեամբ եւ մասնագիտական հմտութիւններով:
Մրցոյթին նաեւ մասնակցած են երիտասարդ երաժիշտներ Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն եւ Մոլտովայէն:
Փրոֆէսըր Մարինիի խօսքերով, Լաուրա Գալստեանի կատարումը առանձնացած է դաշնամուրային փայլուն ճարտարագիտոթեամբ, ինչպէս նաեւ նուրբ երաժշտականութեամբ, ճաշակով ու արուեստագիտութեամբ: Դաշնակահարուհին մրցութային ծրագրով ներառած էր Վ.Ա.Մոցարթի, Ֆ. Շոփենի եւ Ս. Ռախմանինովի ստեղծագործութիւններէն: Ան կը ներկայացնէր Հայաստանը:
Նշենք, որ Լաուրա Գալստեանը անուանի դաշնակահար, ՀՀ վաստակաւոր արթիստ Հայկ Մելիքեանի սանն է: Վերոնշեալ մրցոյթին Հայկ Մելիքեան` իբրեւ լաւագոյն ուսուցիչ, պարգեւատրուած է պատուաւոր վկայականով: