Ստեփանակերտի Մէջ Բացուած է Արցախցի Նկարիչի Անհատական Ցուցահանդէսը

Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ նախօրէին բացուած է նկարիչ, արցախեան գոյամարտի մասնակից, գնդապետ Արմէն Սողոմոնեանի «Խաղաղութեան ծաղիկներ» խորագիրով անհատական ցուցահանդէսը` նուիրուած մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին:

Ըստ Artsakhpress.am-ի` ցուցահանդէսին Արցախի նկարիչներու միութեան նախագահ Յովիկ Գասպարեան կարեւոր համարած է Արմէն Սողոմոնեանի ստեղծած կտաւներով կերտուած հայրենի չքնաղ բնաշխարհի գեղեցիկ, գողտրիկ անկիւնները:

«Գնդապետ Արմէն Սողոմոնեանի նկարներէն ջերմութիւն ու լոյս կը ճառագէ»,-ընդգծած է Յ. Գասպարեան:

Յակոբ Կիւրճեանի անուան ուսումնարանի ղեկավար Եուրի Յովհաննիսեան, իր խօսքին մէջ ըսած է. «Արմէն Սողոմոնեան ծնունդով արցախցի է եւ իրաւացիօրէն  այդ իրաւունքը կրկնակի նուաճած է, որովհետեւ ան մասնակցած է արցախեան ազատագրական պայքարին, որմէ ետք անցած է ստեղծագործական կեանքին»:

Բանաստեղծուհի Սիրվարդ Մարգարեան՝ խօսելով Ա. Սողոմոնեան անհատի մասին՝ մասնաւորապէս ըսած  է. «Արմէն Սողոմոնեանը ոչ միայն իր երկրի յաւերժական զինուորն է, այլ նաեւ մեր հոգեւոր տիրոյթներու պահապանն է:  Ան իր կտաւներուն մէջ կը բացայայտէ աշխարհ մը, որուն ծալքերէն մեզի կը հասնի սիրոյ եւ խաղաղութեան հիմնը: Պատերազմի թոհուբոհը տեսած զինուորականի հոգին պատերազմը չէ կոշտացուցած, հակառակը` աւելի զգայուն, աւելի նրբազգաց դարձուցած է: Ան մինչեւ ողնուծուծը զինուորական է, բայց այսօր զինք բացայայտեցինք նաեւ իբրեւ արուեստագէտ»:

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են նկարիչներ, հեղինակի զինուորական ընկերներ, արուեստասէր հասարակայնութիւն եւ այլք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *