Մոսկուայի Մէջ Բացուած «Հայկական Տպաւորապաշտութիւն» Ցուցահանդէսը Ընգրկուած է Մշակութային Եօթը Կարեւոր Իրադարձութիւններու Ցանկին Մէջ

Esquire Russia ամսագիրը Մոսկուայի ռուսական տպաւորապաշտութեան թանգարանին մէջ բացուած «Հայկական տպաւորապաշտութիւն, Մոսկուայէն Փարիզ» խորագիրով ցուցահանդէսը ընդգրկած է Մոսկուայի մէջ յառաջիկայ շաբաթներու մշակութային եօթը կարեւոր իրադարձութիւններու ցանկին մէջ:

Ըստ Panorama.am-ի՝ ցուցահանդէսը բացուած է Մարտ 24-ին, կը շարունակուի մինչեւ Յունիս 4։

«Հայկական տպաւորապաշտութիւն» ցուցահանդէսին ներկայացուած է 19 արուեստագէտի 54 աշխատանք, որոնք տրամադրած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը, Երեւանի Ռուսական արուեստի թանգարանը եւ մասնաւոր հաւաքածոյ ունեցողներ: Հանդիսատեսը կրնայ ծանօթանալ համաշխարհային համբաւ վայելող նկարիչներ Վարդգէս Սուրէնեանցի, Մարտիրոս Սարեանի, հայ տպաւորապշտպութեան կարեւորագոյն վարպետ Եղիշէ Թադեւոսեանի, Վահրամ Գայֆէճեանի, Սեդրակ Առաքելեանի եւ այլ արուեստագէտներու երկերուն հետ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *