Թատրոնի Միջազգային օրուան առիթով՝ ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի յղած ուղերձը.
«Թատրոնի սիրելի′ մարդիկ` առանց որոնց անհամ ու անհրապոյր պիտի ըլլար աշխարհը, շնորհաւո′ր Թատրոնի միջազգային օրը:
Ուրախ եմ, որ այս շնորհաւորանքս կը յաջորդէ նորածին այն մեծ յոյսերուն, որոնք արթնցուցին մեր նախաձեռնած «Մշակութային կանգառ»-ի հիւրախաղերը: Լեփ-լեցուն մարզային դահլիճներ, ուր շատերը երբեմն ոտքի վրայ կամ աստիճաններուն նստած կը դիտեն ներկայացումները, յոտնկայս ծափահարութիւններ եւ հանդիսատեսի հոսք դէպի գուլիսներ` շնորհակալութիւն յայտնելու: Ասիկա կը նշանակէ, որ թատրոնը չի մեռնիր, եւ եթէ շատ կ’ուզենք, կրնանք վերադարձնել դահլիճները լքած հանդիսատեսը:
Նաեւ կ’ուզեմ ըսել` տուէք ինծի թատրոն, եւ ես կ’ունենամ գալիքին երազկոտ, ուրեմն նաեւ` ստեղծագործողի աչքերով նայող հասարակութիւն:
Շնորհաւո′ր, սիրելիներս, եւ շնորհակալութիւն, որ դուք կաք, որ դուք Ձեր ուսերուն կը պահէք Թատրոնը` մեր երեւակայութեան, մեր երազանքներու տունը»:
Սիրով` ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան: