Ներկայ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Էլեազըղ (Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդի նահանգ) նահանգին մէջ յայտնաբերուած ժայռաբեկորը, որուն վրայ առկայ են հնագոյն նկարազարդ արձանագրութիւններ, ունի 4.000 տարուան հնութիւն, կը յայտնէ «Թերթ»-է վկայակոչելով թրքական Arkeolojihaber.net-ը:
Անցեալ տարուան Մայիսին հնագէտներու կողմէ յայտնաբերուած ժայռաբեկորը տարուած էր Էլեազըղի հնագիտութեան ու ազգագրութեան հիմնարկ-թանգարան, ուր ենթարկուած է մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան:
Հիմնարկ-թանգարանին մէջ պարզած են, որ 2 մ. 72 սմ. բարձրութեամբ եւ 2 մ. 25 սմ. լայնութեամբ սրբատաշ ժայռաբեկորը աւելի քան 4.000 տարեկան է:
Տեղացի հնագէտները կը պնդեն, որ նման նկարազարդումներով սրբատաշ քարեր կան միայն Փոքր Ասիոյ եւ Միջագետքի տարածքներուն մէջ: