Իսրայէլի մէջ Յորդանան գետի ափին ուխտագնացութեան կեդրոնի պատերուն ի թիւս բազմաթիւ լեզուներու, տեղադրուած է նաեւ Արցախի բարբառով Քրիստոսի մկրտութեան աստուածաշնչեան դրուագը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ NEWS.am–ը, Յորդանան գետի ափին, ուր Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ մկրտուած է Քրիստոս, աշխարհի բազմաթիւ լեզուներու կողքին հայերէնը 4 տարբերակով ներկայացուած է` արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, գրաբար ու Արցախի բարբառով:
Նշենք, որ Մատթէոսի աւետարանին մէջ կը նշուի, որ Յիսուսը Նազարէթէն կու գայ Յորդանան գետ` մկրտուելու Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ: «Երբ Յովհաննէս Մկրտիչը Յորդանան գետի մէջ կը մկրտէ Յիսուսը, Աստուծոյ ոգին իբրեւ աղաւնի կ՛իջնէ Յիսուսի վրայ: Եւ Ձայն եկաւ, որ կ՛ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի որդիս, որ ունիս իմ ամբողջ բարեհաճութիւնը»,–կը նշուի Մատթէոսի աւետարանին մէջ:
Աւարտին նշենք, որ վերոյիշեալ 110 լեզուներով գրուած արուեստի գործերու հեղինակն է Սաղիմահայ արուեստագէտ ընկ. Յակոբ Անդրէասեանին, որ անդամ է ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան: