«Թոլսթոյը Կեանքի Մէջ» Խորագիրով Ցուցահանդէս՝ Յովհաննէս Թումանեանի Թանգարանին Մէջ

Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի ցուցասրահին մէջ այսօր կը բացուի «Թոլսթոյը կեանքի մէջ» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսը, որ պիտի գործէ մինչեւ Ապրիլ 25:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ այս ցուցահանդէսը կը պատմէ Լ. Ն. Թոլսթոյի կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններուն, զբաղմունքներուն, ընտանիքի եւ շրջապատի ամենատարբեր մարդոց հետ ունեցած յարաբերութիւններու եւ շփումներու մասին, որոնք դարձած են գրողի ստեղծագործական մտքին շարժառիթը:

Բազմամեայ տքնաջան աշխատանքի ընթացքին Թոլսթոյ ամէն տեղ նիւթ կը քաղէր իր երկերու կերտման համար: Այդպէս, գրողի կովկասեան տպաւորութիւնները իրենց գեղարուեստական մարմնաւորումը գտան «Կազակները» եւ «Հաճի Մուրատ» պատմուածքներուն մէջ:

Թոլսթոյի կեանքին եւ ստեղծագործութեան ժամանակաշրջանին մասին պահպանուած են բազմաթիւ լուսանկարներ, ուր գրողը պատկերուած է ստեղծագործական տարբեր փուլերու մէջ` սկսած գործունէութեան սկզբնական շրջանէն մինչեւ կեանքի վերջին տարին:

Ցուցահանդէսի այցելուները պիտի ծանօթանան  Թոլսթոյ սպայի, «Մանկութիւն» ինքնակենսագրական պատմուածքի երիտասարդ հեղինակի, «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» վէպի ստեղծման տարիներուն երջանիկ ընտանիքը գլխաւորող Թոլսթոյի եւ իմաստուն ծերունիի հետ, որ կոչ կ’ընէր մարդկութեան՝ ոչ թէ մարմինը բուժելու, այլ՝ հոգին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *