Արա Կիւլեր Գերմանիոյ Մէջ Պատուոյ Մրցանակի Արժանացած է

Գերմանիոյ Նիւրենպըրկ քաղաքին մէջ արդէն 22-­րդ անգամ իրականացուող Թուրքիա­-Գերմանիա փառատօնին ժամանակ՝ պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլեր արժանացած է պատուոյ մրցանակի:

Վկայակոչելով kronos.news-­ը՝ Armenpress.am կը հաղորդէ, թէ Կիւլեր պատուոյ մրցանակը ստացած է Նիւրենպըրկի քաղաքապետի ձեռքէն:

Աւելի ուշ ներկաներուն ցուցադրուած է Կիւլերի կեանքին մասին պատմող «Սթամպուլի աչքը» փաստագրական ֆիլմը:

Պատուոյ միւս մրցանակին արժանացած է Գերմանիոյ շարժանկարի արտադրութեան մէջ յայտնի բեմադրիչ Իւրկեն Իւրկես:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *