Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը` կարեւոր համարելով երիտասարդութեան մէջ ոչ պաշտօնական կրթութեան խթանումը, «Երիտասարդութեան ինքնաիւրացման եւ զարգացման պայմաններու ապահովում» ծրագիրին ծիրէն ներս՝ Մարտ 21-23 ժամանակահատուածին պիտի կազմակերպէ «Ծէր շէնը տիր քարտէզին յիրան» խորագիրով վերապատրաստման դասընթացքներ:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ըսած է ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան երիտասարդութեան հարցերու բաժինի առաջին կարգի մասնագէտ Անի Գափլանեան եւ նշած, որ առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուին նման խորագիրով վերապատրաստման դասընթացքներ:
«Ծրագիրին նպատակն է` նպաստել երիտասարդութեան մէջ զբաղուածութեան խնդիրի կարգաւորման, աշխուժացնել երիտասարդներուն մասնակցութիւնը համայնքներու զարգացման գործին մէջ»,- ըսած է Ա. Գափլանեան եւ տեղեկացուցած, որ դասընթացքը պիտի վարէ ՀՀ «Թայմ Լենտ» գիտաուսումնական հիմնադրամի հիմնադիր, հնաբան Ռոպերթ Ղուկասեան:
Ա. Գափլանեանի խօսքով` դասընթացքին կրնան մասնակցիլ 18-30 տարեկան իւրաքանչիւր փափաքող: Մասնակցութեան յայտերը պիտի ընդունուին մինչեւ Մարտ 17: