«Կրթութիւն 21-րդ Դար» Միջազգային Մասնագիտացած Եռօրեայ Ցուցահանդէսը Երեւանի Մէջ

ՀՀ կառավարութեան տան նիստերու դահլիճին մէջ Մարտ 1-ին բացումը կատարուած է «Կրթութիւն 21-րդ դար» միջազգային մասնագիտացած եռօրեայ ցուցահանդէսին, որուն կազմակերպիչներն են «Ինթեր էքսփօ» ցուցահանդէսային ընկերութիւնը եւ Երեւանի մէջ Ռուսիոյ գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնը: Ցուցահանդէսը տեղի կ’ունենայ  Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աջակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակը։

Ողջունելով ցուցահանդէսի մասնակիցները` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ անիկա մեծ աւանդութիւններու եւ տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող ցուցահանդէս է:

«Նման ձեռնարկներու շնորհիւ կրնանք յստակացնել մեր առաջնահերթութիւնները, հասարակութեան ներկայացնել մեր կրթական ծրագիրները, արդի արհեստագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ հասկնալ կրթական հիմնական ուղղութիւնները եւ փորձել միջազգային չափանիշներուն համընթաց ծրագիրներ իրականացնել: Այս ցուցահանդէսին ընթացքին կարելիութիւն ունինք երկու ուղղութեամբ աշխատելու` նախ ցուցադրել մեր կրթական արտադրանքը, հասկնալ` ի՛նչ աստիճանի վրայ կը գտնուի, նաեւ առիթ ստեղծել՝ ծանօթանալու Ռուսիոյ  բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու յառաջատար փորձին եւ կիրարկել զայն, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան նոր եզրեր գտնել», նշած է նախարարը` շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան` միացեալ արդիւնաւէտ աշխատանքին  համար: «Ազգային կրթական համակարգերը կրնան զօրանալ եւ որակ արձանագրել`  միայն քաղաքակրթական մեծ դաշտերու մէջ աշխատելու ընթացքին», ընդգծած է նախարարը:

Բացման հանդիսութեան ընթացքին մասնակիցներուն ուղերձ յղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը. «Ժամանակակից աշխարհին մէջ կրթութիւնը կը նկատուի երկրի տնտեսական զարգացման կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը, իսկ կրթութեան արտահանումը կարեւոր գործօն` երկրի մրցունակութեան բարձրացման տեսանկիւնէն: Ռուսիոյ կրթական քաղաքականութեան մէջ տուեալ գործընթացը կարեւոր դերակատարութիւն ունի: Այդ պատճառով մենք կարեւոր կը նկատենք կրթութեան մարզին մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը ինչպէս աւանդական, այնպէս ալ նոր միացեալ ծրագիրներու իրականացման եւ ուսանողներու շարժունութեան մեծացման ուղղութեամբ», նշուած էր դեսպանի ուղերձին մէջ:

Առաջին անգամ «Կրթութիւն 21-րդ դար» ցուցահանդէսի շրջագիծին մէջ  Հայաստանի պատմական արխիւը առանձին տաղաւարներով ներկայացուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ 19-20-րդ դարերու աշխարհիկ եւ հոգեւոր կրթութեան առնչուող եզակի փաստաթուղթեր: Ցուցահանդէսի ընթացքին Երեւանի մէջ Ռուսիոյ գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնը, իր կարգին, ներկայացուցած է Ռուսիոյ յառաջատար համալսարաններուն մէջ անվճար ուսանելու ծրագիր, ինչպէս նաեւ կազմակերպած է աւելի քան 200 դիմողներու մրցութային ընտրութիւն` կրթական բոլոր մակարդակներուն համար 2017-2018 ուսումնական տարուան ընթացքին ուսանելու համար:

Նշենք, որ այս տարի «Կրթութիւն 21-րդ դար» ցուցահանդէսի կը մասնակցի աւելի քան 50 կազմակերպութիւն` բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններ, համալսարաններ, ուսումնարաններ, ինչպէս նաեւ յետհամալսարանական կրթական բազմաթիւ ծրագիրներ ներկայացնող հաստատութիւններ, անոնց կարգին` 10-է աւելի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ Ռուսիայէն:

Ցուցահանդէսին մասնակից ընկերութիւնները դիմողներուն կը ներկայացնեն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ընդունելութեան կանոններու, կրթական արտօնութիւններու, քննութիւններու եւ այլ հարցերու վերաբերեալ տեղեկութիւններ: Այցելուները կը ծանօթանան ազգային եւ միջազգային փորձին, կրթական, գիտական, տեղեկատուական միջավայրի ստեղծման մօտեցումներուն: Բացի հիմնական մասնագիտութենէ, աշակերտները եւ ուսանողները կրնան  ընտրել լրացուցիչ կրթութեան տարբերակներ` դասընթացքներ լեզուի կեդրոններու մէջ, քննութիւններու նախապատրաստական դասընթացքներ, կրթական ծրագիրներ արտերկրի մէջ: Ցուցահանդէսը իր աշխատանքները կը շարունակէ մինչեւ 3 Մարտ 2017:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *