«Սիւնեաց Աւանդոյթներ» Փառատօնը Գորիսի Մէջ

Օգոստոս 12-ին «Արէնի Փառատօն» հիմնադրամը, Գորիսի քաղաքապետարանին հետ համատեղ եւ ՀՀ տնտեսութեան  նախարարութեան աջակցութեամբ` կը կազմակերպէ 3-րդ «Սիւնեաց աւանդոյթներ» փառատօնը Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ: Փառատօնին ներկայ պիտի ըլլան Սիւնիքի մարզի բոլոր համայնքները, որոնք կը ներկայացնեն իրենց բերք ու բարիքը:

Փառատօնին ընթացքին կը սպասուի Սիւնեաց աշխարհի բերքուբարիքի, աւանդոյթներու, ծէսերու, ժամանցի, մրցոյթներու ու Սիւնիքին բնորոշ ճաշատեսակներու բազմազանութիւն: Փառատօնի ծիրէն ներս կը կազմակերպուի օղիի թորում, ռուպի եւ տոլմայի (Master Class) պատրաստում, Սիւնեաց աշխարհին բնորոշ յատուկ կերակրատեսակներու եւ ուտեստներու համտես-վաճառք: Փառատօնի ընթացքին պիտի հնչէ հայկական աւանդական եւ ժամանակակից երգ ու երաժշտութիւն:

Փառատօնը առաջին անգամ կազմակեպուած է 2014-ին Գորիս քաղաքին մէջ, եւ այն արդէն 3-րդ տարին անընդմէջ մէկ գաղափարի շուրջ կը հաւաքէ Սիւնիքի եւ Հայաստանի բոլոր այլ մարզերու բնակիչները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *