«Մշակոյթի Արուեստանոց» Խորագիրով Ձեռնարկ Վալանսի ՄԷջ

Վալանսի Հայ մշակոյթի տունը ամէն տարի  Յուլիս ամսուան  արձակուրդներու ժամանակ,   մշակոյթի տան  6-11 տարեկան երեխաներուն  համար կը կազմակերպէ «Մշակոյթի արուեստանոց» ձեռնարկը, որ մեծ համբաւ ունի երեխաներուն մօտ, որոնք մեծ սիրով եւ ոգեւորութեամբ կը մասնակցին անոր: Այս տարի եւս բացառութիւն չէ:

«Հայերն Այսօր»-ի փոխանցմամբ` Հայ մշակոյթի տան նախագահ Ալէն (Նազօ) Ճինպաշեան իր խումբին հետ միասին, հիմք ընդունելով նախկին տարիներու փորձը, երկու ամիս նախապատրաստուած է, որպէսզի երեխաներուն հնարաւորութիւն ընձեռուի սորվելու հայերէն լեզուն եւ հայ մշակոյթը:

Ծրագիրին մէջ  ներառուած են `

Ուսուցողական համագումարներ, ընդհանուր ձեռնարկներ, հայկական ճաշատեսակներու պատրաստում, հայերէնի դասեր, նկարչութիւն, հայկական գեղագրութիւն, երգեցողութիւն, խաղեր եւ այլն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *