17 Յուլիսին Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է հայկական բացօթեայ փառատօն: Մշակութային տարբեր ուղղութիւններ ընդգրկող այս ձեռնարկը՝ համահայկական ամենամեծ իրադարձութիւնն է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, որուն մասնակցելու համար կը ժամանեն հայեր երկիրի տարբեր վայրերէ: Այս մասին կը յայտնէ «Առաւօտ»ը:
Արդէն աւանդական դարձած փառատօնը այս տարի կ’իրականանայ 6-րդ անգամ: Համայնքի ներկայացուցիչներէն բացի ներկայ եղած են բրիտանացի պաշտօնատար անձեր եւ հիւրեր Հայաստանէն: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Քէնսինկթըն եւ Չելսի արքայական շրջանի ղեկավար Էլիզապեթ Ռըտերֆորտը, Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը, Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի համայնքներու պալատի անդամ Սթիւըն Փաունտը, ՀՀ դեսպանատան հիւպատոսական հարցերով կցորդ Հայարփի Տրմէյեանը եւ ուրիշներ։
Փառատօնը կ’իրականանայ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի նախաձեռնութեամբ ու տեղւոյն հայ համայնքի ջանքերով եւ մասնակցութեամբ:
«Մեր գլխաւոր նպատակն է բրիտանահայ համայնքին նոյնիսկ մէկ օրով երկիրի տարբեր ծայրերէն հաւաքել ու համախմբել իրենց ինքնութեան ` մեր մշակոյթի, պատմութեան եւ մեր հոգեւոր ժառանգութեան շուրջ։ Ինծի համար շատ կարեւոր է յատկապէս երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնը այս ամէնուն մէջ: Այս տարին մեզի համար առանձնայատուկ է, քանի որ կը նշենք Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը», ըսած է Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան։
Փառատօնի ընթացքին ելոյթ ունեցած են հանրածանօթ ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանը, «Կոմիտաս» երգչախումբը, «Ախթամար» ժողովրդական պարախումբը եւ ուրիշներ: Այս տարուան ծրագիրին յատուկ հիւրերն էին Հայաստանէն տուտուկահար Գէորգ Կարապետեանը եւ երգչուհի Իվեթա Մուկուչեանը: