Նոր Հրատարակութիւններ

 Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

– Արամեան Մեսրոպ Քահանայ, «Աշխատութիւններ», Ա. եւ Բ. հատորներ, խմբագիր՝ Սեդա Ստամպոլցեան, Երեւան, 2016, 472 + 448 էջ (15 x 20.7 սմ.)(Ա. հատորը՝ աստուածաբանութիւն, Բ. հատորը՝ աստուածաբանութիւն, «Արարատից Սիոն» շարժապատկերին բեմագիրը, հայկազեան ուղղագրութեան վերականգնման, կրթական եւ արժէքային համակարգի հարցեր, Ս. Գրիգոր Նարեկացիին արժեւորումը)(բացի աստուածաբանական գրութիւններէն, մնացեալը լոյս տեսած է հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն):

– Գէորգեան Ռէմոն, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը», անգլերէնէ թարգմանեց Սահար Թաուֆիք, վերատեսութիւն, խմբագրում եւ ուղեցոյց ցանկի պատրաստում՝ Գէորգ Եազըճեանի, հրատարակութիւն Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի Սաթենիկ Չաքըր Հիմնադրամի, տպարան «Նուպար», Գահիրէ, 2015, 1328 էջ (17 x 24 սմ.)(Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջական պատմութեան փորձ, աղբիւրներու յղումներ, ծանօթագրութիւններ, անուանացանկ-ուղեցոյց)(արաբերէն):

– Հերկելեան Վարուժան Արք. (աշխատասիրեց), «Դիւան Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ Վանքի», Բ. մաս, Նոր Ջուղա, 2016: Լոյս տեսած է Տէր եւ Տիկին Վարդան եւ Անահիտ Վարդանեաններու մեկենասութեամբ:

– Ղուկասեան Արթուր (կազմող եւ խմբագիր), «Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը – Մէկդարեայ Լռութիւն», Վալենսիա – Սպանիա, 2016 (սպանագիր աշխարհէն 35 մտաւորականներու գրութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին)(սպաներէն):

– «Միջազգայնացումը Եւ Բարենորոգումները 1876-1893», «Հայկական Հարցը Արաբական Մամուլին Մէջ 1876-1923» մատենաշարի Ա. հատոր, գիտական ղեկավար՝ Դոկտ. Մուհամմատ Ռիֆաաթ ալ-Իմամ, հրատարակութիւն Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի «Սաթենիկ Չաքըր» Հիմնադրամի, տպարան «Նուպար», Գահիրէ, 2015, 550 էջ (16.9 x 24 սմ.)(նշուած ժամանակահատուածին Հայկական Հարցին առնչուած հրապարակումները եգիպտական արաբական մամուլին մէջ, 245 հրապարակումներուն լուսապատճէնները, համակարգչային շարուածքներըեւ ցանկը)(արաբերէն):

– Մսըրլեան Զաւէն, «Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-Քաղաքական Գործունէութիւնը», Բ. հրատարակութիւն (որոշ բարեփոխումներով), հրատարակութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի, Պէյրութ, 2016:

– Շառոյեան Լեւոն, «Դեգերումներ Հայ Գիրի Եւ Պատմութեան Գետեզրին», Բերիոյ թեմի «Այգ» մատենաշար թիւ 20, տպարան «Ոսկետառ», Հալէպ, 2016, 320 էջ (գրական եւ պատմական քննադատական հրապարակումներ, պատկերազարդ):

– Սարգսեան Աշոտ, «Հայաստանի Նորագոյն Պատմութեան Ուրացումն Ու Կեղծումը (1988-1998 Թթ.)», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2015, 104 էջ (Հ. Հ.ի դպրոցական եւ համալսարանական դասագիրքերու մէջ Արցախեան Շարժման եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան տարիներուն առնչուած տեղեկութիւններուն մէջ խեղաթիւրումները եւ անոնց խստագոյն քննադատութիւնը):

– «Մկրտիչ Սարգսեան – Նամակներ», կազմող, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութեանց հեղինակ՝ Վահագն Սարգսեան, խմբագիր՝ Ներսէս Աթապէկեան, «Գրական հայրենիք» ՓԲԸ («Հայաստան» հրատարակչութիւն), Երեւան, 2016, 284 էջ (14.4 x 20 սմ.) (հայրենի անուանի գրողին ղրկած եւ ստացած նամակներու ընտրանին, ծանօթագրութիւններ):

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *