Երեւանի Քաղաքապետարանի կազմակերպած «Երեւանեան ամառ» ծրագրի շրջագիծէն ներս, Կարապի լիճի շրջակայքը կայացաւ Ձմերուկի ամէնամեայ փառատօնը: Հարիւրաւոր քաղաքացիներ մասնակցեցան 4-րդ անգամ կայացող այս փառատօնին, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ ձմերուկի հիւրասիրութիւն: Ներկաները նաեւ մասնակցեցան տարբեր մրցոյթներու եւ մրցանակներ շահեցան: Միեւնոյն վայրի այլ հատուածի մը մէջ ցուցադրուեցան՝ ձմերուկով պատրաստուած արուեստի գործեր, որոնց լաւագոյնը մրցանակ ստացաւ: Ամենամեծ ձմերուկով փառատօնի մասնակիցն ալ արժանացաւ յատուկ մրցանակի: