Հայաստան առանձին տաղաւարով պիտի մասնակցի «Մոսկովեան անուշ. Բնութեան ընծաներ» փառատօնին, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին անուշներու տարբեր տեսակներ, ներառեալ` սմբուկի անուշ:
Մոսկուայի իշխանութիւնները որոշած են միաւորել «Մոսկովեան անուշ» եւ «Բնութեան ընծաներ» փառատօնը եւ իրականացնել այն Յուլիս 15-էն Օգոստոս 7, քաղաքին մէջ պիտի տեղակայուի 33 թեմատիկ տաղաւար, ուր կարելի է համտեսել միրգեր, անուշ, խորտիկներ եւ խմիչք տարբեր երկիրներու, կը յայտնէ Sputnik-Արմենիան:
Իւրաքանչիւր հարթակի մէջ այցելուները կրնան տեսնել անուշի հսկայական անօթներ, որոշ կէտերու մէջ անվճար անուշ պիտի բաժնեն, կը հաղորդէ riamo.ru-ն` յղում ընելով փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբին:
«33 տաղաւար պիտի ըլլայ: Անուշի անօթներու վրայի պատկերները նման են անուշի այն տեսակներուն, որոնք կը ներկայացուին փառատօնի հարթակներուն մէջ: Օրինակ, Հայաստանի հարթակին կարելի է տեսնել սմբուկի անուշի անօթ»,- հաղորդած է կազմակերպիչ ընկերութեան ներկայացուցիչ Իրինա Սուխոտինան: