«Եւրոտեսիլ-2017»-ի Հայաստանի Պատուիրակ Կը Դառնայ «Դէպի Եւրոտեսիլ» Նախագիծի Յաղթողը

Շուտով Հանրային հեռուստաընկերութիւնը եթեր կը հեռարձակէ նոր նախագիծ` երաժշտական հեռուստամրցոյթ, ուր կրնան մասնակցիլ 16 տարեկանէն բարձր, ազգութեամբ/արմատներով հայ, ձայնային լաւ տուեալներով եւ բեմական կեցուածքով կատարողներ` անկախ բնակութեան վայրէն եւ երաժշտական նախասիրութիւններէն:

«Դէպի Եւրոտեսիլ»` այսպէս կը կոչուի նոր նախագիծը, որ հնարաւորութիւն կու տայ յաղթողին իրականացնելու իր երազանքը եւ մասնակցելու Եւրոպայի ամենահեղինկաւոր մրցոյթին` «Եւրոտեսիլին»:

Նախագիծի մասնակիցներուն պիտի ընտրեն եւ 3 ամիս շարունակ պիտի ուղղորդեն,  «Եւրոտեսիլ»-ի Հայաստանի նախորդ տարիներու ներկայացուցիչները, որոնք անցած են Եւրոտեսիլի ճանապարհով եւ գիտեն այս հեղինակաւոր մրցոյթին յաջողութեան հասնելու ձեւերը: Հեռուստադիտողներն ալ հնարաւորութիւն կ’ունենան հետեւելու այս ծրագիրի տեւողութեան ամբողջ ընթացքին:

Մրցոյթի մասնակցութեան յայտերը կ’ընդունուին Յուլիս 6–էն Օգոստոս 25:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *