Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ (ԳԱԿ) պաշտօնապէս բացուած է քանդակագործ, Ալեքսանդր Թամանեանի արձանի հեղինակ Արտաշէս Յովսէփեանի «Սասունցի Դաւիթ» որմնաքանդակը:
Վարպետին 85-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ որմնաքանդակը այսուհետեւ մշտապէս բաց պիտի ըլլայ այցելուներու համար` հանդիսանալով Կասկադ համալիրի ճարտարապետութեան անբաժանելի մասը: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ հեղինակը:
«1980-ականներուն երբ Կասկադը դեռ կը կառուցուէր, ինծի կանչեց ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանը եւ ըսաւ, որ Կասկադի մէջ երկու սրահներ կան, որոնց վրայ պէտք է աշխատինք: Մէկուն վրայ պէտք է աշխատէի ես, միւսին վրայ Գրիգոր Խանճեանը: Սրահը 7 մեթր բարձրութիւն ու 20 մեթր երկարութիւն ունէր: Չորս վարպետներու հետ չորս տարիներ շարունակ աշխատեցանք երրորդ յարկի վրայ գտնուող այդ սրահի պատին վրայ: Ամբողջ պատին վրայ տուֆէ Սասունցի Դաւիթ առասպելը քանդակած եմ, ուր ներկայացուած են 36 մեծ, փոքր ու միջին դրուագներ: Կոջոյեանի մանրանկարչութիւնն է, որ ես կոթողի վերածած եմ», «Մետիամաքս»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին պատմած է Արտաշէս Յովսէփեան:
«Նախագիծը Մոսկուայի մէջ չէր հաստատուած` ծախսալից ըլլալու պատճառով: Կարէն Տէմիրճեանը իր մօտ հրաւիրած էր Արտաշէս Յովսէփեանին ու Գրիգոր Խանճեանին եւ խնդրած, որ գրութեան համաձայն նուիրաբերեն սրահները ժողովուրդին: Այդպէս ալ եղած է», բացման արարողութեան ժամանակ ըսաւ գրող Վանուշ Շերմազանեանը: Ան աւելցուց, որ այդպիսով պետութիւնը Արտաշէս Յովսէփեանին պարտք մնաց 166 հազար ռուբլի, որ խորհրդային տարիներուն հսկայական գումար էր:
Որմնաքանդակի հանրային բացումը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 21-ին` «Թանգարանային գիշեր» ամէնամեայ ձեռնարկի ծիրէն ներս: Մուտքը անվճար է: