Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, Մայիս 12-ին տեղի պիտի ունենայ Կոմիտասի անուան ազգային քառեակի բարեգործական համերգը, որմէ գոյացած հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի բանակի վիրաւոր զինուորներու ապաքինման:
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ համերգի ընթացքին պիտի հնչեն Պ. Չայքովսքիի N2, Ս. Սարգսեանի Է. Միրզոյեանին նուիրուած եւ Է. Յովհաննիսեանի N3 հատուածները: