Ամէն տարուայ նման, այս տարի եւս Հայաստանի մէջ Մարտ 20-ին պիտի նշուի՝ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային օրը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
2016-ին Ֆրանսախօս երկիրներու երկամսեակին առնչութեամբ՝ շուրջ երկու ամիս շարունակ` Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներու ընթացքին, Երեւանի եւ Հայաստանի շարք մը մարզերու մէջ տեղի պիտի ունենան՝ շուրջ 600 ֆրանսախօս երկիրներու մշակութային, համալսարանական եւ հանրակրթական ձեռնարկներ: Ասիկա բացառիկ ցուցանիշ է, որ երբեւէ արձանագրուած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային օրուան առնչութեամբ կազմակերպուող ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Ձեռնարկներ պիտի իրականանան շարք մը թանգարաններու, գրադարաններու, համալսարաններու, հանրակրթական, արուեստի ու երաժշտական դպրոցներու մէջ` ներգրաւելով նաեւ երիտասարդութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ համակարգուող, ֆրանսախօս երկիրներու այս մեծ իրադարձութեան կազմակերպման իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են ՀՀ մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները, Երեւանի քաղաքապետարանը, Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմինները եւ Հայաստանի համայնքներու միութիւնը:
Հարկ է նաեւ նշել, որ երկամսեակի յագեցած ծրագիրի ապահովման գործին մէջ, իրենց զգալի ներգրաւուածութիւնը ունեցած են Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ եւ դիտորդ երկիրներու, մասնաւորաբար Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Գանատայի եւ Լիթվիայի դեսպանութիւնները` կազմակերպելով այս առիթով բազմազան ձեռնարկներ:
Ֆրանսախօս երկիրներու երկամսեակի ծիրէն ներս կայանալիք ձեռնարկներու ամբողջական ծրագիրը հասանելի է հետեւեալ յղումով` Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու երկամսեակի ծրագիր: