ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Մասնակցեցաւ «Աղօթարան» Գիրքի Շնորհանդէսին

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Մարտ 4-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ մասնակցեցաւ՝ Յունահայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Խորէն արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանին նուիրուած՝ բանաստեղծ  Յովհաննէս Ղազարեանի «Աղօթարան»  գիրքի շնորհանդէսին: Այս մասին կը հաղորդէ նախարարութեան լրատուականը։

Շնորհանդէսը կազմակերպած էին Հայկական ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնը, Հայաստանի Գրողներու միութիւնը եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանը:

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով:

Նախարարը շնորհաւորեց Յունահայոց թեմի Առաջնորդը` Ծննդեան 50-ամեայ տարեդարձին առիթով եւ կարեւոր համարեց Յունաստանի հայ համայնքին մէջ հայապահպանութեան ուղղուած, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու իրականացման գործին մէջ Սրբազանի ջանքերը:

«Համոզուած եմ, որ այս ամենածաղկուն եւ բեղմնաւոր տարիքին մէջ նորանոր ձեռնարկներով եւ բազմաթիւ գործերով, Դուք նոր լիցքեր կը հաղորդէք Հայոց թեմին, եւ մենք ականատեսը կ՛ըլլանք Ձեր հայանպաստ նոր ծրագիրներու իրակացման», ընդգծեց ան:

Այնուհետեւ նախարարը անդրադարձաւ բանաստեղծ Յովհաննէս Ղազարեանի «Աղօթարան» գիրքին` նշելով. «Յովհաննէս Ղազարեանը  բանաստեղծութեան միջոցով իւրովի մեկնաբանած է Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Խորէն արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանի հոգեւոր եւ ազգային գործունէութիւնը` զայն անմահացնելու համարձակ նախաձեռնութեամբ»:

Սփիւռքի մէջ հայագիտութեան զարգացման, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ ունեցած ծառայութիւններուն համար՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Խորէն արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանը պարգեւատրեց՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան համատեղ «Յակոբ Մեղապարտ» մետալով:

Ն․Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Գերաշնորհ Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան (ՀՀ ԿԳ) նախարար Լեւոն Մկրտչեան, Խորէն արքեպիսկոպոս Տողրամաճեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, Յովհաննէս Ղազարեանի գրչակից ընկերները, ազգային գործիչներ եւ մտաւորականներ:

Տէր Խորէն արքեպիսկոպոսի հոգեւոր եւ համայնքային գործունէութեան մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ՝ ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկտչեան` Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդը պարգեւատրելով ՀՀ ԿԳՆ յուշամետալով:

Յովհաննէս Ղազարեանի նախաձեռնութիւնը կարեւոր համարեցին եւ զեկուցումներով հանդէս եկան՝ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, բանաստեղծին գրչակից ընկերները եւ գրականագէտներ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *